ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը։ Թեհրան այս շրջանին Հարաւային Կովկասի ուղղեալ խտացեալ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ, կը ջանայ զգալի դարձնել իր կշիռը՝ մանաւանդ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր յարաբերութիւններու ձեւաւորման գործընթացին ներազդելու առումով։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ բանակցութիւններ վարեց Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Նախարարները ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այս առաւօտ ալ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան մէկտեղուեցաւ հիւր նախարարին հետ։ Ի դէպ, Երեւան ուղեւորուելէ անմիջապէս առաջ Ամիր Ապտուլլահիան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս վերջինը յոյս յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը մօտաւոր ապագային կը ստորագրուի։ Հաշուի առնելով, որ Իրանի եւ Հայաստանի տարածաշրջանի ապագային վերաբերեալ պատկերացումները այս շրջանին կը համընկնին ընդհանրապէս որոշիչ ձեւով՝ Ամիր Ապտուլլահիանի Երեւանի շփումներուն ընթացքին հերթական անգամ արժեւորուեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տարածաշրջանային ընդհանուր անվտանգային իրադրութեան արժեւորումը երէկուան բանակցութիւններու առանցքը կազմեց։ Փաշինեան եւ Ապտուլլահիան շօշափեցին ենթակառուցուածքներու ծրագիրները։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային նշանակութեամբ նիւթերու շուրջ։ Զրուցակիցները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ գործընթացները՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ, տարածաշրջանային փոխադրական հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումով հանդերձ։ Փաշինեանն ալ Ապտուլլահիանի հետ շօշափեց «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը։ Հիւր նախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը կ՚աջակցի այդ նախագծին, նաեւ վերոյիշեալ սկզբունքներու հիման վրայ ապաշրջափակման գործընթացին։

Ամիր Ապտուլլահիան Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին երէկ ակնարկեց՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» հարթակին։ Ան համոզուած է, թէ այս ձեւաչափին մէջ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կրնան խաղաղութեան հասնիլ՝ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ օգնութեամբ։ Մէջբերելով Պայրամովի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի մանրամասնութիւնները՝ ան ըսաւ, որ Պաքուի մէջ եւս կ՚ողջունեն Երեւանի հետ կայուն խաղաղութեան հասնելու հեռանկարը։ Այս առումով ան յիշեցուց նաեւ վերջին օրերուն Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցները։ «Իրան կը փափաքի, որ Հայաստանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովուած ըլլայ առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան եւ սա հնարաւոր է միայն տարածաշրջանային երաշխիքներու շնորհիւ», ըսաւ Ապտուլլահիան։

Արարատ Միրզոյեանն ալ ընդգծեց, որ Իրան մեծ ներդրում ունի Երեւան-Պաքու խաղաղութեան հասնելու գործընթացին մէջ։ «Մենք ունինք խաղաղութեան հնարաւորութիւն՝ հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու եւ բարդութիւններու», ըսաւ Միրզոյեան եւ յոյս յայտնեց, թէ Պաքու կ՚որդեգրէ շինիչ ընթացք մը։ «Մենք կը կարեւորենք Իրանի յատուկ դիրքորոշումը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անքակտելիութեան եւ ինքնիշխանութեան հարցին մէջ», աւելցուց Միրզոյեան եւ ընդգծեց միջազգային փոխադրութեան երթուղիներու լիարժէք գործադրման անհրաժեշտութիւնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023