ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ յառաջիկային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպում կրնայ ունենալ սահմանին վրայ։

Ներկայ տարին ամփոփելու համար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ըրած յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտան նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ նախատեսուած է ռուս խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնալը մինչեւ 2025 թուականի նոյեմբերը։ Ան յիշեցուց Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ, ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու մինչեւ 2025 թուականի նոյեմբերը մնալը նախատեսուած է։

Ճէյհուն Պայրամով դիտել տուաւ նաեւ, որ Երեւանի եւ Պաքուի բոլոր հանդիպումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ կու գայ ութ գիւղերու վերադարձի հարցը։ Ատրպէյճան միշտ կը բարձրացնէ այս հարցը։ «Այդ գիւղերը ունին իրենց առանձնայատկութիւնները։ Անոնցմէ չորսը անքլաւ է, մնացեալը ոչ։ Մեր մօտեցումն է, որ գործընթացին մէջ կրնայ ըլլալ որոշ յաջորդականութիւն եւ ան կրնայ շարունակուիլ փոխադարձ քննարկման ձեւաչափով։ Հայաստանն ալ ունի իր պահանջները եւ տեսակէտները սահմաններու վերաբերեալ։ Բայց խօսքը բնակեցուած տարածքներու մասին է։ Թէեւ վիճելի նիւթ մը չէ, թէ որո՛ւ կը պատկանին այդ պատմական գիւղերը, որովհետեւ պարզ է, թէ խորհրդային տարիներուն ովքեր ապրած են այդտեղ։ Մենք կը կարծենք, թէ սա կապուած է սահմանազատման հետ։ Ինչպէս գիտէք, սահմանազատումը թեքնիք խնդիր մըն է։ Խաղաղութեան պայմանագիրը կ՚արտացոլէ ընդհանուր սկզբունքները։ Սահմանազատման գործընթացը երկար կրնայ տեւել՝ նոյնիսկ տարածքային լուրջ հակամարտութիւն չունեցող երկիրներուն միջեւ», աւելցուց ան։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Ճէյհուն Պայրամով շեշտեց, թէ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի հարցին մէջ թէեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տակաւին կան տարաձայնութիւններ, սակայն անոնց թիւը էականօրէն նուազած է։

Վերջին օրերուն Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ դարձեալ փոխանակուեցան առաջարկներ։ Այս անգամուան փոխանակումը նախորդին բաղդատմամբ շատ աւելի արագ եղաւ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Ճէյհուն Պայրամով երէկ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճան առաջարկած է՝ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը կազմակերպել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Ան համոզուած է, թէ Երեւան-Պաքու բանակցային գործընթացը պէտք չէ պատանդ դառնայ երրորդ երկիրներու։ Անդրադառնալով նախարարներու հանդիպման առաջարկին՝ ան ընդգծեց. «Ինչ կը վերաբերի հանդիպումը Ատրպէյճանի կամ Հայաստանի մէջ իրականացնելու պարագային, ապա ինչո՞ւ ոչ։ Վաղ թէ ուշ սա պէտք է ըլլայ»։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2023