ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵՆ 2024-Ի ԱՄՐԱՆ ՀԱՄԱՐ
Մինչ կլիմայի փոփոխութեան վերահաս աղէտը արդէն սաստկօրէն կը թակէ երկրագունդի դուռը, գիտնականները այժմէն կը զգուշացնեն 2024 թուականի ամրան համար։ 3 յուլիս 2023 թուականի դրութեամբ աշխարհի ջերմութեան միջինը մրցանիշ մը կոտրելով հասած էր 17 աստիճանի։ Այժմ, գիտնականները կ՚ենթադրեն, որ 2024 թուականին նոր մրցանիշներ կրնան արձանագրուիլ ու մարդկութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ այս բանին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս բոլորին ի շարունակութիւն՝ յառաջիկայ ամրան Իսթանպուլի մէջ 37-38 աստիճան ջերմութիւն կրնայ արձանագրուիլ՝ անցեալ տարիներու 35-36 աստիճանին փոխարէն։
Ըստ գիտնականներուն, անցեալ 15 տարիներուն արեւի պաղ վիճակը խնդրոյ առարկայ էր։ Բայց եւ այնպէս, վերջին 6 ամսուան ընթացքին արեւը բաւական տաքցած է։ Անոր ջերմացման դրութեան մէջ մտնելու հանգամանքին վրայ պիտի գայ աւելնալ Էլ-Նինոյի դրութեան ազդեցութիւնը։ Այս բոլորին հանրագումարը 2024 թուականի ամրան տեսակէտէ յոռետես կանխատեսումներու պատճառ կը դառնան։ Մնաց որ, գիտնականները 2025 թուականին համար ալ ունին նոյնանման կանխատեսումներ։