ՉԱՐԻՔԻՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՅԱՂԹԵԼ ՉԱՐԻՔՈՎ

21-րդ դարու 3-րդ տասնամեակի 4-րդ տարին պիտի մտնենք այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ աշխարհի զանազան բաժիններուն զինեալ տագնապները եւ պատերազմները թափ կը ստանան՝ շատ յաճախ անմեղ մարդիկ մսաղացներու զոհ դարձնելով: Կիներ, երեխաներ, տարեցներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն մեծ պետութիւններու եւ բարբարոս կազմակերպութիւններու, համաշխարհային վարձկանական խումբերու անհեթեթ խաղերուն պատճառով: Այնքան անհեթեթ, որ մարդիկ արդարացիօրէն հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ այսքան քանդում, ինչո՞ւ այսքան արիւնահեղութիւն, վասն ի՞նչ բանի: Մարդը, որ իր էութեամբ բարի ու խաղաղասէր է, յանկարծ կը դառնայ գազան՝ իր իսկ եղբայր մարդուն դէմ, յանկարծ թաթախուած կը դառնայ չարիքով եւ ատելութեամբ, բայց վասն ի՞նչ բանի…

Տակաւին մեր առջեւն էին ռուս-ուքրանական անիմաստ պատերազմի վայրագութիւնները, երբ Միջին Արեւելքը դարձեալ բռնկեցաւ. իսրայէլա-պաղեստինեան տագնապը, որ տասնամեակներէ ի վեր մարդոց կեանքը կը կրծէ աշխարհագրական այս տարածքին մէջ, մտաւ իր արիւնալի նոր փուլերէն մէկը, երբ Պաղեստինի «Համաս» շարժումին 7 հոկտեմբերին կատարած լայնածաւալ զինեալ գործողութիւնը պատրուակ օգտագործելով՝ Իսրայէլի վարչակարգը աշխատցուց մահ տարածող իր մեքենան: Կազզէ, Իսրայէլ, Այսրյորդանան՝ այս եռեակին տարածքը, որ սկզբունքով կը կոչուի Սուրբ Հող, որովհետեւ այդտեղ տեղի ունեցած են Հին եւ Նոր կտակարաններու մէջ յիշուած բազմաթիւ դէպքեր, այս օրերուն արձանագրուող արիւնալի դէպքերուն պատճառով դարձած է անէծքի, ատելութեան եւ չարիքի հող:

Բարոյական առումով բազմաթիւ հարցեր կան ներկայիս՝ աշխարհի զանազան տարածքներու մէջ ծագած զինեալ տագնապներուն եւ պատերազմներուն առընչութեամբ միջազգային արձագանգին կամ հակազդեցութեան բերումով: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս միջազգային հանրութիւն կոչուածը, որ սկզբունքով պէտք է վճռական կեցուածք ցուցաբերէ պատերազմներու դէմ եւ միայն խաղաղութեան լեզուով խօսի, շատ յաճախ միակողմանի, կողմնակալ կամ չէզոք, անգոյն կեցուածքներ կ՚որդեգրէ՝ այդ ձեւով ալ աւելի ու աւելի քաջալերելով վայրագութիւնը, բարբարոսութիւնը, արիւնահեղութիւնը: Սա անվերջանալի պատուհաս մըն է մարդկութեան գլխուն եւ միջազգային այդ հանրութիւնը վերջին տարիներուն բազմիցս ապացուցանած է, որ գետնին վրայ ինք անկարող է լուծումներ առաջադրելու միջազգային եւ շրջանային բարդ ու պայթիւնավտանգ հարցերու:

Կայ նաեւ միջազգային անբարոյականութեան միւս երեսը, որ կապ ունի զէնքի շուկային հետ: Կարծես աներեւոյթ ձեռք մը կայ, աներեւոյթ ուժ մը, որ կը քաջալերէ, կը հրահրէ զինեալ տագնապներու եւ պատերազմներու շարունակութիւնը՝ յաւելեալ զէնք ու զինամթերք սպառելու, արտադրելու եւ ծախելու համար, ինչ որ երեւակայական շահոյթներ կ՚ապահովէ զէնքի արտադրութեամբ եւ վաճառականութեամբ զբաղող բազմազգ ընկերութիւններուն, նաեւ մեծ, կայսերապաշտական պետութիւններուն, որոնք այս ընկերութիւններու գործունէութեան ետին կը գտնուին: Անոնք իրենց գերշահոյթները կ՚ապահովեն՝ անմեղ հոգիներու արեան գնով: Արդարեւ, հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ շահ ունին պարզ մարդիկ արիւնալի պատերազմներէն: Այն պատերազմները եւ զինեալ տագնապները, որոնց նպատակը շատ յաճախ քարիւղի եւ ուժանիւթի յաւելեալ պաշարներու ձեռքբերումն է, առեւտուրի նոր ուղիներու բացումը, քաղաքական եւ տնտեսական նոր վերադասաւորումներու իրականացումը աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ:

Մէկը թող չըսէ, որ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան գաղափարը եւ երկիրներու սահմանները անձեռնմխելի են, սրբացուած ինչ-որ հասկացութիւններ: Այդ նոյն միջազգային հանրութիւնը, երբ իր շահը պահանջէ. օրինակ՝ կտոր-կտոր կ՚ընէ նախկին Եուկոսլաւիոյ դաշնակցային հանրապետութիւնը: Նոյն միջազգային անբարոյականութիւնը երկու մասի կը բաժնէ Սուտանը՝ ամէն մէկ մասին մէջ անվերջանալի կարողական քաղաքացիական պատերազմներու մթնոլորտի պահպանումով: Ասիկա այն նշանաւոր սկզբունքն է, որ երկար տարիներէ ի վեր տիրական ներկայութիւն է միջազգային քաղաքականութեան մէջ եւ որ տակաւին կը կիրարկուի բաւական լայնածաւալ կերպով. «Բաժնէ՛, որ տիրես»:

Վերադառնանք Կազզէ-Իսրայէլ-Այսրյորդանան: Վերադառնանք Սուրբ Հողեր: Ամէնօրեայ մահուան պատկերներ, ամէնուրեք լայնածաւալ քանդումի եւ աւերումի տեսարաններ: Այդ աւելի քան 2000 տարի առաջ չէ՞ր, որ դահիճ Հերովդէս թագաւորը Սուրբ Հողերուն վրայ հրամայեց մանուկներու ջարդ: Այդ ջարդը այսօր ամէն օր տեղի կ՚ունենայ եւ Սուրբ Ընտանիքը Սուրբ Հողերուն վրայ ճարահատ կը փնտռէ ապաստան՝ պատսպարելու Մանուկ Յիսուսը: Աւելի քան 2000 տարի առաջ չէ՞ր միայն, որ Աստուածածին Մարիամ լացաւ իր խաչեալ Որդւոյն դիակին վրայ: Այս օրերուն մարիամները արիւն-արցունքներու մէջ են այդ հողերուն վրայ, կը սգան ամէնօրեայ չարչարանքի եւ խաչելութեան ճամբուն վրայ իրենց զաւակներուն մահը:

Ի՞նչ բան կը կասեցնէ անվերջ մահուան, սպանդի այս շրջանակը: Կը կասեցնէ միայն արդար խաղաղութիւնը: Միջին Արեւելքի թէ աշխարհի որեւէ տարածքի մէջ բռնկած պատերազմի պարագային պէտք է գիտակցիլ աւետարանական այն խոր ճշմարտութեան, թէ չարիքին կարելի չէ յաղթել չարիքով: Որովհետեւ չարիքը միայն յաւելեալ չարիք, ատելութիւն, թշնամութիւն պիտի ստեղծէ:

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Պէյրութ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023