ԲՈԼՈՐԻ ՇՈՒՐԹԵՐՈՒՆ…
Հայութիւնը 2024 թուականը կը դիմաւորէ մեծ յոյսերով ու նոյնքան մեծ՝ յուսախաբութեան ռիսքերով։ Հակասութի՞ւն թէ ճակատագիր… Նոյն հարցումն է բոլորի մտքին մէջ. ինչպիսի՞ տարի մը պիտի ըլլայ։ Ամանորի տօնական տրամադրութեամբ, ընդհանրապէս, մարդիկ թէեւ հակուած են լաւատեսութեան, սակայն, հոգեխռով առկայ ընթացքը կը ճնշէ ամէն ինչի վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է։ Քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնէն, Հանրապետութեան հրապարակէն հասած դրուագները կը ցոլացնեն լուսաշող մթնոլորտ, բայց, մարդիկ գիտեն, որ այդ բոլորը պարզապէս աւանդութիւնը յարգած ըլլալու համար է։ Խորքին մէջ, այդ լոյսերը հայոց պետականութեան երկնակամարին կուտակուած մութ ամպերու ստուերին տակ են, միանշանա՛կ։ Կը փարատի՞ն…
Տակաւին անկարելի է անտեսել՝ Մերձաւոր Արեւելքի բազմատեսակ դժոխքներուն մէջ յայտնուած հայերը։ Ռուսաստան-Ուքրայնա՝ պատերազմի արհաւիրքներուն ենթարկուած հայերը միթէ կը զմայլի՞ն անոնց։ Արցախի հայերուն տարած զրկանքը՝ որքան ալ առ երեւոյթ ֆիզիքական սպառնալիքի տպաւորութիւն չգործէ, հոգեբանական այնպիսի ցնցումի ու կործանումի մը սահմանին կը հասնի, որ անկարելի է չունենայ բազմաբնոյթ, ծանր հետեւանքներ։ Վստահաբար չափազանցութիւն չ՚ըլլար այս նոյն շարքին ներառել Հայ Երուսաղէմը, ուր «Կովերու պարտէզ»ին տագնապը կ՚ահագնանայ, ակնյայտօրէն։ Հայաստանի սահմանի զինուորին, հայ մտաւորականին, սփիւռքի հայ դպրոցի կրթական մշակին կամ հայ խմբագրին ճակատագրերը մերթ կը տարանջատուին, մերթ ալ կը նոյնանան՝ իւրաքանչիւրին առանձնայատկութեան բնորոշ առաջնագծին վրայ։ Անոնք չունին որեւէ ապաւէն. կայ միայն երկու բան՝ իւրաքանչիւրի սեփական ուժերուն նկատմամբ հաւատն ու իրարու համար աղօթքը։
Անոնք են հաւաքական բոլոր սխալներուն եւ անհեռատեսութիւններուն հետեւանքներուն դէմ պայքարի դուրս եկած ուխտեալները։ Միայն անոնք կը ջանան ինքզինքնին համոզել, թէ ի վերջոյ բոլորը կը սխալին, բայց երբեք մարդ յօժար կամքով չ՚ենթարկուիր սեփական սխալներու հետեւանքներուն։ Կը յաղթահարուի՞ն…
Հակասութի՞ւն թէ ճակատագիր… Նոյն հարցումն է բոլորի մտքին մէջ ու նոյն Ամանորի աղօթքը այսօր բոլորի շրթներուն. «Աջ քո հովանի լիցի ի վերայ ազգիս հայոց»։