ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԱՐԻՆ ԴԻՄԱՑ
2024-ը կը դիմաւորենք. 2023 տարին կը փակենք եւ կ՚ընդունինք նոր մը։ Բաւական ծանր օրագրութեամբ, մեծ հարցումներով ու սրդողումներով, ահերով, բայց մանաւանդ՝ պատերազմներով… Թերեւս այս տարիները պիտի յիշատակուին՝ որպէս պատերազմի տարիներ, ուր կորուստն ու մահը մեծագոյն ներկան են, իսկ մեծագոյն բացական է լուծումներու ճանապարհը։ Ի վերջոյ, լուծումներու բացակայութեան պատճառով պատերազմները «հասակ կ՚առնեն» ու կը բանան անորոշութեան համայնապատկերներ, որոնք աւելիով կ՚ուշացնեն յուսալի երկխօսութեան մը սկիզբը։
Մարդկութիւնը, մեծ հաշուով, պաստառներու դիմաց նստած խաղի մը հետեւելու պէս կը հետեւի այս պատերազմներուն, իսկ միւս կողմէ ալ կը հաշուէ զոհերու, վիրաւորներու եւ տնանկ դարձածներու թիւերը։ Խաղամահը կամ մահախաղը կը շարունակէ մեզ բոլորս պահել ճահիճի մը մէջ, ուր մենք նոյնպէս ինչ-որ չափով եւ ինչ-որ առումով կ՚անդամալուծուինք, կը կարկամինք, մեր բերանները կը փակուին եւ մեր լեզուն կը չորնայ։
Անցեալ տարուան որոշ առանցքներուն կը սպասուէր, որ լուծում մը գտնուի Ռուսաստան-Ուքրայնա խորացած տագնապին ու պատերազմին, սակայն մարդկութեան չտրուեցաւ այդ ուրախութիւնը։ Պատահեցաւ հակառակը ու ծագեցաւ Կազզէի պատերազմը, որ ցարդ կը շարունակուի։ Իսկապէս հարց է, թէ ան տակաւին որքա՞ն պիտի շարունակուի։ Տեսարանը, ուրեմն, բաւական բարդ է եւ սարսափելի, որ մինչեւ այս պահը որեւէ ճակատի վրայ հակամարտ կողմերէն որեւէ մէկը երեւելի առաւելութիւն մը չէ արձանագրած։ Թերեւս այս է պատճառը, որ կողմերէն որեւէ մէկը բանակցային սեղանին շուրջ չի նստիր։
Այս պատերազմներու խորքային պատճառները վերլուծելէ բացի, առկայ է նաեւ մեծ հարցումներու տրցակ մը, որ կարողութիւնը ունի՝ նոր քարտէսներ գծելու, նոր չափումներու, նոր ուժերու եւ նոր խաղացողներու ամբողջական ցուցակ մը ի յայտ բերելու։ Ի վերջոյ բոլոր նորերը կը պայքարին՝ իրենց եսն ու գոն առաջնային դիրքի մը տանելու համար եւ բոլորը համոզելու, թէ ի վերջոյ իրենց ծրագիրը քով-քովի պիտի բերէ կողմերը։
Ռուսաստան կը պայքարի Ուքրայնայի՝ երկաթով եւ բնական պաշարներով հարուստ կարգ մը շրջանները կլանելու համար։ Ուքրայնա պարզած է՝ ժողովրդավարական աշխարհին անունով կռիւ մղելու դրօշակը։ Իսրայէլ ամէն կերպ կը փորձէ արեան գնով նոր օրակարգ մը ձեւաւորել եւ վերջ տալ իրեն սպառնալիք դարձած «Համաս»ին, իսկ «քաղաքական իսլամ»ի հագուստը հագած Պաղեստինի շարժումը կ՚ուզէ անպայման ամրագրել, որ լուծումները յառաջ կրնան գալ միայն ու միայն Իսրայէլի վերացումով։
Ու այս պատկերին դիմաց լուծումներու նոր փուլ մը երեւելի պիտի չդառնայ՝ այնքան ժամանակ, որ հակամարտ կողմերը տակաւին չեն համոզուած, թէ պատերազմները որեւէ կերպով չեն կրնար լուծումներ բերել ու խաչէն վար իջեցնել «խաչուած ժողովուրդները»։
Անշուշտ, այս բոլորէն անմասն չմնաց հայութիւնը եւ յատկապէս՝ Արցախի ժողովուրդը, որ ինչ-ինչ դառնագին պայմաններով ստիպուեցաւ լքել իր հայրենի բնօրրանը, իսկ մինչ այդ հայկական հանդիսացած Արցախը վերափոխուեցաւ ու վերադարձաւ իր նախկին անուանումին՝ դառնալով Լեռնային Ղարաբաղ, բայց այս անգամ առանց հայերու ներկայութեան։
Արցախեան տագնապի վերջին փուլին՝ ապրելով համատարած անորոշութեան ամենատարբեր երանգները, թուղթին տուած էի կարճ մտորում մը ու զայն վերագրած՝ «Վերջին արար»։ Նոյն օրերուն էր, որ զուգադիպութեամբ այս թերթի առաջին էջի ճակատին կարդացած էի՝ իմ նախընտրած նոյն խորագիրս՝ «Վերջին արարը», որով կը շեշտադրուէր Արցախի ժողովուրդին տեղահանումն ու ապրուած մեծ ողբերգութիւնը։
Թերեւս պատահականութիւնն էր, որ խորագրումները իրարու կը զօդէր, իրարու կը մօտեցնէր ու կը դարձնէր նոյն, բայց անկէ անդին ու անկէ աւելի հեռուն կար մեծ հարցադրում մը՝ ճակատագրի, գործուած սխալներու, քննութիւն՝ մեծամտութեան եւ պոռոտախօսութեան, որ տատասկի պէս աճած էր ամէն դի ու այսօր ալ կը շարունակէ աճիլ։ Կարդացէ՛ք…
ՓՈՒԼԻ ՄԸ ԱՒԱՐՏԸ. ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԱՐ ՄԸ
Լարուած պահեր համակարգիչին առջեւ, անցած պատերազմին մասին վերյուշ, տեսակ մը «անդամալուծութիւն»… Երեւանի մէջ կեանքը «մի կերպ» կը շարունակուի, բայց եւ այնպէս, Ստեփանակերտէն եկած ծանր լուրերը կը պայթին մարդկանց հոգիներուն մէջ՝ լարուած եւ դռներէն ամրացուած դարանակալ նռնակներու նման։ Ամբողջ այս պատմութիւնը դարանակալ պատմութիւն դարձաւ։ Նախ կուտակումները, հեռուէն սողացող լարուածութիւնը, յետոյ գաղտագողի «պահուած» պատերազմի առաջին պայթումները։ Կարծէք ամէն ինչ նախատեսուած էր, սակայն մենք՝ հայերս կամ մեզմէ շատ-շատերը չէինք ուզած հասկնալ, թէ ի՛նչ վիհի դիմաց կանգնած ենք եւ անկէ փրկուիլը ժամ առ ժամ կը դառնայ աներեւակայելի բան մը։
Վերլուծող մարդուն համար թերեւս ամենադժուարն է իր սեփական սխալներուն մասին մտածելը կամ հրապարակաւ խօսիլը։ Սա կը նմանի հիւանդ մարդու մը հոգեբանութեան, որ բոլորին համար «պատրաստի» ախտորոշումներ ունի, բայց եւ այնպէս, իր սեփական հիւանդութեան մասին կը վախնայ մտածելու։ Ո՛չ միայն կը վախնայ իր հիւանդութիւնը բացայայտելու կամ լիարժէք կերպով բուժման մասին մտածելու, այլ կը վախնայ իր կուտակած սխալներէն, որոնք կրնան խեղդել իր կոկորդը։
Շատ հեռուն պիտի չերթամ ու պարզապէս հարց պիտի տամ, թէ մենք՝ հայերս ո՞ւր էինք անցնող գոնէ երեք տարիներուն։ Ինչո՞վ զբաղած էինք կամ ինչո՞ւ այսքան անտարբեր մնացինք մեր իսկ հիւանդութիւններուն առջեւ։ Մեր ցաւը փոխարինեցինք բողոքով, յետոյ փողոցները լեցուեցանք, յետոյ ընտրութեան գացինք… Զիրար նախատեցինք, իրարու խելք տուինք, զիրար հայհոյեցինք, բայց ո՛չ մէկ անգամ, մեզմէ ո՛չ մէկը անկեղծօրէն իր դիմացինին իր ձեռքը երկարեց… Չերկարեց ձեռքը ո՛չ միայն կարեկցելու կամ ուժ տալու, այլեւ միասին լուծումի մը մասին խորհելու համար։ Թերեւս մեզմէ շատեր շատ լաւ գիտէին, որ ժամանակները այլեւս նոյնը չեն՝ ինչ որ էին երեսուն տարի առաջ։ Թերեւս մեզմէ քիչեր գիտէին, որ մենք անկարող ենք դէմ դնելու ո՛չ միայն Պաքուին կամ Մոսկուային կամ նոյնիսկ Անգարային ու Թեհրանին։ Որո՞ւ խաղը կը խաղայինք եւ որո՞ւ ջրաղացին ջուր կը լեցնէինք, երբ կ՚ուրախանայինք ռուսական դրամագլուխներով, յետոյ նորէն ու հերթական անգամ ռուսը կը մեղադրէինք, որ թերացած է իրեն վստահուած «խաղաղապահ» դերին մէջ։ Թերեւս մեզմէ շատեր գիտէին, որ ո՛չ ռուսը, ո՛չ ամերիկացին, ոչ ալ ֆրանքը մեր սեւ աչքերուն համար պիտի կանգնին մեր սահմանին վրայ, բայց այդ փաստուած դրոյթն ալ «ջուրին կու տայինք»։ Մեր բոլոր հաշիւները, բոլոր ուշացումները, բոլոր յոյսերը ի վերջոյ կը նետուէին Ուքրայնայի պատերազմի մեծ եւ արիւնալի լաւաներուն մէջ ու անկէ ետք սկիզբ կ՚առնէր Արցախի «վերջին ժամադրութեան» եւ «վերջին պատասխանի» արագընթաց գահավիժումը։
Հիմա այդ ժամանակին մէջն ենք, այդ ժամանակին մէջ պիտի լողանք։ Ունինք բազում զոհեր, մարտերը թէժ են ու անոպայ, իսկ արցախցին մեր ամբողջ պայքարի վերջին յոյսը, ծուարած է ապաստանարաններուն մէջ ու մահուան հետ, թերեւս մահուան դէմ անհաւասար մարտ կը մղէ։
Ինչպէ՞ս շարժիլ, որո՞ւ հետ խօսիլ եւ ի՞նչ ակնկալել տարածաշրջանային տէրութիւններէն, որոնք բոլորն ալ «մէկ մարդու» պէս ու առանց ոտքի կանգնելու իրենց ձեռքերը Պիղատոսի նման կը լուան ու առնուազն հարիւր տարուան պատմութիւնը գաղջ ջուրով լեցուած «դանայեան տակառ»ին մէջ կը նետեն…
Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս պէտք է վերլուծել իրերը առանց վիրաւորելու մեր ազգային երակը, որ պատրաստ է արագօրէն թփրտալ եւ «թուրք» որակումը տալ ոեւէ մէկուն, որ իսկապէս կը տագնապի, տագնապած է ու դեռ ալ պիտի տառապի մեր անբուժելի վէրքերուն առջեւ։ Ի՞նչ է մեր ուզածը եւ ի վերջոյ ինչո՞ւ մենք մեզ միշտ որբի մը պէս կ՚ուզենք պահել՝ արար աշխարհէն պահանջելով, որ կարեկցի մեզի, մեր ձեռքէն բռնէ ու մեզ տանի ջուր խմելու կամ պատուհանին մօտ կանգնեցնելու ու մատնացոյց ընէ արագավազ գնացքը։ Մեր շուրջ ամէն դի արագ տեղաշարժներ են, քաղաքակրթութիւններ կ՚իյնան, նորեր կը հասնին, նոր արժէքներ կը բարձրանան ու աշխարհը կը սկսի քալել բոլորովին նոր ճանապարհներով… Մինչ մենք ուշացած ենք, մեր ներբաններէն արիւն, մեր հրապարակներէն անոպայ ու խենթ մաքառում, մեր «ղեկավարներ»ու բերնէն ալ անիմաստութիւն կը հոսի։
Մենք բացակայ ենք, մեր «վէրք»ը երէկ Արցախն էր, որուն համար ապրեցանք ու մաքառեցանք՝ առանց պահ մը մտածելու, թէ ինչպէ՞ս պէտք է բուժենք այդ վէրքը, որպէսզի մեր ողջ մարմնով մէկ չտարածուի։ Ահա այսօր այդ պատասխանը տալու օրն է, մեր զինուորը հերոս է տակաւին, իսկ մենք պատերազմի ամբողջ ահը անտեսելով՝ հրապարակներուն վրայ հոս եւ հոն, անցեալ բուրող մարդոց սփոփանքով կ՚արբենանք։ Մինչ գնացքը կը պատրաստուի հեռանալ, մենք պատուհանին մօտ կանգնած՝ փրկիչի մը կը սպասենք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024