ՖՐԱՆՍԱ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասին դէմ կատարուած ոտնձգութիւններն ու անոր վրայ գործուած վերջին յարձակումները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ֆրանսա խստօրէն դատապարտեց վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայ համայնքին վրայ կատարուած յարձակումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ համերաշխութիւն յայտնեց սաղիմահայ համայնքին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ հիւպատոսարանը կը շարունակէ հետեւիլ իրադարձութիւններուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024