ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱԼԻՔԸ ՉՀԵՌԱՐՁԱԿԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը երէկ վերջին պահուն, առանց որեւէ պատճառաբանութեան տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետին Ամանորի պատգամը պիտի չհեռարձակէ կէս գիշերէն առաջ։

«Ցաւօք, Ամանորի այս երեկոյեան ստիպուած կ՚ըլլանք անդրադառնալ տհաճ միջադէպի մը։ Անկախութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին, տակաւին Վազգէն Ա. Հայրապետի ժամանակաշրջանէն, աւանդաբար Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով Ամանորի գիշերը երկրի ղեկավարի պատգամէն անմիջապէս առաջ կը հեռարձակուէր ազգիս Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Այս տարի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը վերջին պահուն, առանց որեւէ պատճառաբանութեան տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետին ամանորեայ ուղերձը չի հեռարձակուիր կէս գիշերէն առաջ, ինչպէս եւ աւանդապէս ընդունուած էր։ Փոխարէնը առաջարկուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի ուղերձը ներկայացնել լուրերու երեկոյեան թողարկման ընթացքին, ինչ որ Մայր Աթոռի կողմէ պատշաճ չնկատուեցաւ ու մերժուեցաւ։ Մնացեալ բոլոր մեղադրանքներն ու վերագրումները յերիւրանք են, իսկ նման որոշման պատճառներու վերաբերեալ հարկ է դիմել Հանրային հեռուստաընկերութեան», հրապարակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ, իսկ հեռուստակայանը որեւէ ձեւով չարձագանգեց։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024