ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ

Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան 2024-ի տարեմուտին առթիւ հրապարակած է պատգամ մը։ ՀԲԸՄ համահայկական առանցքային կառոյց մըն է, իր աշխարհատարած ցանցով, բառին բուն իմաստով մղիչ ուժ մը, որուն տեսլականը եւ ազդեցութիւնը կը հանդիսանան ուղղակի գործօններ, որոնք կը պայմանաւորեն հայութեան ընդհանուր երթը։ Ստորեւ կը հրատարակենք ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Ամանորի պատգամը՝ կառոյցի Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուած արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակներու համադրութեամբ։

*

Անցեալ տարին յատկանշուեցաւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան շրջադարձային իրադարձութիւններով։ Մենք անգամ մը եւս համոզուեցանք, թէ ՀԲԸՄ՝ գործելով յանուն ողջ հայութեան, ճգնաժամային իրավիճակին աննախադէպ արձագանգ տուաւ, բայց նաեւ դասեր քաղեցինք՝ տեսնելով, որ միջազգային հանրութիւնը ձախողեցաւ այդ աղիտալի դէպքերու կանխարգիլման առաքելութեան մէջ։

2023 թուականին շուրջ տասն ամիս հայութիւնը բազմիցս ահազանգեց Արցախի վերահաս մարդկային աղէտի մասին։ Դժբախտաբար, հակառակ Արցախի հայութեան դէմ ակնյայտ, ահագնացող վտանգի մասին աղաղակներուն՝ համաշխարհային արձագանգը լաւագոյն պարագային եղաւ հռետորական, վատագոյն պարագային ցինիկ եւ որպէս կանոն՝ միշտ ուշացած։ Սա կրկին կը յիշեցնէ, թէ հայերը պէտք է իրարու թիկունք կանգնին։ Այս իրականութիւնը մեզի կրկին յիշեցուց մեր պատմական դառն փորձառութիւնը, թէ հայ զանգուածները պէտք է զօրավիգ կանգնին իրարու։ Կը գիտակցինք, թէ որպէս աշխարհատարած ժողովուրդ՝ անհրաժեշտ է ի գործ դնել մեր կապերը բարեկամացող դաշնակիցներու հետ, այո՛, մենք կրնանք ըլլալ աշխարհի քաղաքացիներ եւ օգտուիլ ազնիւ նպատակներու հետամուտ մեր օտարերկրեայ գործընկերներու հետ համագործակցութենէ, սակայն, ի վերջոյ, մենք իսկ մեր ազգի գոյապայքարի ճանապարհին պէտք է ստանձնենք ղեկը, տէր կանգնինք մեր ազգի ճակատագրին ու մեր պատասխանատուութիւնն է որդեգրել ինքնակամ կողմնորոշում եւ նախաձեռնութիւն։

Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն յետոյ, ընդամէնը շաբթուան մը ընթացքին, աւելի քան 100 հազար բնիկ հայեր, տեղահան, պարտաւորուեցան ապաստանիլ Հայաստան՝ ստեղծելով աննախընթաց ծաւալով մարդասիրական տագնապ մը։ Տարողունակ տագնապին ընդառաջ՝ ՀԲԸՄ համապատասխան թափով զօրաշարժի ենթարկուեցաւ, լայնածաւալ միջամտութիւն կատարեց առաջին փուլին ճիգերը կեդրոնացնելով սննդամթերքի ապահովման վրայ։

Համագործակցաբար իր գործընկեր Համաշխարհային կեդրոնական խոհանոց (World Central Kitchen - WCK) կազմակերպութեան հետ, ՀԲԸՄ հաշուած օրերու ընթացքին սկսաւ գործել Հայաստանի գրեթէ ամբողջ տարածքին։ Անմիջապէս ու վեց շաբաթ շարունակ՝ ՀԲԸՄ-ի կամաւորներն ու պաշտօնէութիւնը, WCK-ի անձնակազմին հետ, պատրաստեցին ու բաշխեցին աւելի քան 400 հազար բաժին տաք սնունդ՝ Հայաստանի եօթ մարզերու մէջ ստեղծուած կեդրոններու եւ բաշխումի ցանցերու միջոցաւ։ Սա եղաւ համազգային զօրակցութեամբ։ Շարունակաբար ՀԲԸՄ բաշխեց 31 հազար տուփ սննդեղէն՝ բնակարանային պայմաններու մէջ ուտելիք պատրաստելու համար։ Ձմրան ընդառաջ 10 հազար շարժական ջեռուցիչներ սկսանք բաժնել՝ ժամանակաւոր կացարաններու կամ անբաւարար ջեռուցման պայմաններով կացարաններու մէջ հանգրուանածներուն։

Անցեալ աշնան ՀԲԸՄ նաեւ պաշտօնի կոչեց, մարզեց ու կազմակերպեց Արցախէն տեղահանեալներէ բաղկացեալ օժանդակ խումբեր, որոնք ներգրաւուեցան սննդաբաշխումի աշխատանքներուն, պատասխանատու դեր ստանձնելով։ Սա Արցախի հայերը աշխատանքի տեղաւորելու նպատակով վերապատրաստումէ անցընելու ուղղեալ՝ ՀԲԸՄ-ի աւելի լայնածաւալ ծրագրի առաջին քայլն էր։ Այդ նախագծի նպատակն է անոնց աշխատանքային զանազան բնագաւառներու մէջ ընդգրկումը՝ համապատասխան կարողութիւններու մշակումի կարելիութիւններ ստեղծելով։ Բնականաբար, արդէն ի գործ դրուած ծրագիրները. ինչպէս՝ ՀԲԸՄ-ի «Սորվէ վաստկելու համար» (Learn to Earn Artsakh Program - LEAP), Կանանց հզօրացման նախաձեռնութիւնը (Women's Empowerment) եւ դրամաշնորհներու (AGBU Scholarships) նախագծերը պիտի պատշաճեցուին Արցախէ տեղահանեալներու կարիքներուն՝ լաւագոյնս օժանդակելու համար անոնց։

Քանի առողջութիւնն ու ինքնազգացողութիւնը առաջնային են, տեղահանեալ ընտանիքներու իւրաքանչիւր անդամ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ այցելել ՀԲԸՄ-ի Երեւանի դարմանատունը, որ անվճար տարեկան բժշկական քննութիւն եւ առողջապահական խնամք կ՚ապահովէ Արցախէն տեղահանեալ հայ ընտանիքներուն։ Այնտեղ պաշտօնի կոչուած է յաւելեալ անձնակազմ մը, որ արցախահայերէ բաղկացած է՝ վստահութիւն ներշնչելու եւ խրախուսելու համար մարմնապէս կամ հոգեպէս տուժած ընտանիքներուն։ Մասնագէտներու խումբին միացած են մանկաբոյժ, քիթի, ականջի ու կոկորդի բժիշկներ եւ հոգեբան-խորհրդատու մը։ Այսպէսով սոյն կեդրոնը պատրաստ է յառաջիկայ տարի 8 հազար հոգիի բոյժզննումը իրականացնել եւ առողջական ծառայութիւն մատուցել։ Աւելին, ՀԲԸՄ-ի «Նայիրի» ճամբարն ալ այժմ բաց է, անկախ եղանակէ, ընդունելու համար շուրջ 3 հազար ծնողներու մանուկներ՝ դարմանումի, կազդուրման՝ մանաւանդ հոգեբանական վերականգնման պայմաններ ապահովելու համար անոնց։

Մենք խորապէս տպաւորուած ենք, որ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն մեծ թիւով կամաւորներ շարունակաբար ՀԲԸՄ-ին կը միանան։ Անոնք մեծ եռանդով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օգնութեան ծրարներու փոխադրութեան, կացավայրերու ընդարձակումին, Արցախի մանուկներուն համար տօնական նուէրներու բաշխումին եւ այլ աշխատանքներու։ Սոյն բարեգործական այցելութիւնները վերականգնման ճանապարհին կարեւոր հնարաւորութիւն է Արցախէն տեղահանեալ մեր հայրենակիցներուն յիշեցնելու համար, թէ բարութիւնը չէ վերացած։ Մենք խորապէս կը գնահատենք այս ամենօրեայ հերոսները, որոնք ամբողջանուէր ոգիով կը ծառայեն։ Մենք իսկապէս երախտապարտ ենք մեր կամաւորներու պատրաստակամութեան համար. ի դէմս՝ ՀԲԸՄ-ի սկաուտներուն, Հայաստանի երիտասարդ արհեստավարժներու խումբերուն, ՀԲԸՄ-ի «Հայեր համախմբուեցէ՛ք» (Armenians Come Together - ACT) շարժումի անդամներուն, արտասահմանէն անոնց միացածներով հանդերձ, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի այն մասնաճիւղերուն, որոնք կը կազմակերպեն դրամահաւաքներ եւ բարեգործական արշաւներ։ Աւելին, մեր «YP Cares» արշաւը կը նպաստէ գանձատրում հայթայթելու մեր ջանքերուն, շարունակելու մարդասիրական օգնութեան մեր բազմակողմանի աշխատանքը, աղիտեալներուն ի նպաստ յաւելեալ միջոցներ ճարելու համար։

Առանցքային ազդեցութեամբ, կենսական կարեւորութեամբ այլ նախաձեռնութիւն մըն է «ԱՊՐԻ Հայաստան» (Կիրառական քաղաքականութեան հետազօտական կաճառ) ծրագիրը (APRI Armenia-Applied Policy Research Institute of Armenia), որ բարձրորակ ուսումնասիրական ու վերլուծական աշխատանքներով, մասնագիտական յօդուածներով ու խորհրդաժողովներով իր գործունէութիւնը կ՚ընդլայնէ, կը համախմբէ միջազգային մակարդակով գիտնականներ, քաղաքագէտներ ու մասնագէտներ, որոնք Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դերին ու մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ իրենց արժէքաւոր ներդրումը կը բերեն, կը սատարեն հայկական պետականութեան՝ համագործակցութիւն ապահովելով այլ երկիրներէ քաղաքականութիւն մշակողներու եւ զանազան ոլորտներէ յառաջատարներու հետ։

Թէեւ անցեալ տարին լի էր ողբերգական իրադարձութիւններով, սակայն, անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ իրականացած մեր լայնածաւալ գործունէութեան, որ շարունակական հպարտութեան եւ ամուր կապի աղբիւրն է մեր միութենական յաջողութիւններուն ու միասնականութեան տեսակէտէ։ Ուստի, մենք կրնանք մտաբերել այդ փայլուն իրագործումները։ Գոհունակութեամբ կը նշենք մեր վարժարաններէն շրջանաւարտ նոպէլեան մրցանակակիրին ի պատիւ կազմակերպուած բացառիկ մեծարանքի հանդէսը, հայկական ինքնութեան աշխարհատարած խոր ու բազմազանութեամբ հարուստ արմատներուն յայտնաբերումը։ Այս բոլորին հանրութիւնը հետաքրքրութեամբ վերահասու դարձաւ՝ ՀԲԸՄ-ի պաշտօնական հրատարակութիւններուն միջոցաւ եւ ի վերջոյ հազարաւոր մանուկներու համար դաստիարակչական մթոլորտ եւ ուրախութեան առիթ ապահոված մեր վարժարաններն ու բազմաթիւ ծրագրերը, որոնք համախմբումի եւ միասնականութեան ոգիի արծարծման առիթներ կը ստեղծեն ամէնուրեք։ Մեր հրապարակումներուն մէջ արդի հայերու մասին զանազան պատումներ ներկայացնելը, ամէն տարի մեր դպրոցներուն ու ծրագրերուն միջոցաւ հազարաւոր երեխաներու ժպիտներ պարգեւելը, կարեւոր ֆորումներ կամ ձեռնարկներ կազմակերպելը… մենք կը ձգտինք սատարել իրարու եւ ամրապնդել մեր իւրօրինակ կապը։ Նմանօրինակ ձեռնարկներու շարքին է «ՀԲԸՄ ԿԻԶԱԿԷՏ»ը (AGBU FOCUS), որ երկու տարին անգամ մը կ՚իրականացուի եւ համավարակի պատճառով պարտադիր ընդհատուած էր։ Այս տարի վերջապէս ան տեղի ունեցաւ հերթական անգամ։ 25 երկրէ շուրջ 450 մասնակից հաւաքուեցաւ Մատրիտի մէջ, ուր ամբողջ շաբաթ մը քննական եւ ստեղծագործական փայլուն միտքերու համադրութիւն ապահովուեցաւ, զանազան ոլորտներէ ներս կապերու ստեղծման եւ փորձառութեան փոխանակման մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ ի մի բերելով ՀԲԸՄ-ի համաշխարհային երիտասարդ ներուժը, ինչ որ նպաստեց մեր աշխարհատարած ցանցէն ներս խթանել քննադատական եւ ստեղծագործական մտածելակերպը։ Այլ իրագործում մըն էր, յատկանշական օրինակ մը՝ 10 հազարէ աւելի զանազան տարիքէ մասնակիցներու ներգրաւումը ՀԲԸՄ-ի գիտելիքներու առցանց մատուցման ծրագրերուն, կրթական միջոցներով փնտռելն ու գտնելը հայկական նիւթեր, միացումը մեր առցանց ծրագրերուն. ինչպէս՝ ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանը (Armenian Virtual College - AVC), ՀԲԸՄ-ի «Արմատ» ծրագիրը (հանդիպումներ երեխաներու համար) եւ ՀԲԸՄ-ի «WebTalks» հայկական նիւթերով զրոյցներու, առցանց տեսահարցազրոյցներու շարքը։ Այս բոլորին առընթեր ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերու եւ շրջանակներու շարունակական ու զարգացող գործունէութիւնը կը հաստատէ, թէ հայութիւնը կանգուն է եւ մեր ոգին անխորտակելի։

Տարեմուտին պահ մը կանգ առնենք։ Ես կը փափաքէի յետադարձ հայեացքով մը գնահատել ՀԲԸՄ-ի վերջին երկուքուկէս տասնամեակի գործունէութիւնը, որու ընթացքին մեծ յառաջընթաց արձանագրուած է։ Ինձ համար առանձնաշնորհում ու պատիւ կը համարեմ՝ որպէս ՀԲԸՄ-ի նախագահ պաշտօնավարելը, նաեւ երախտապարտ եմ մեր առատաձեռն բարերարներուն, նուիրեալ կամաւորներուն եւ անձնակազմին՝ իրենց աջակցութեան համար։ Համոզուած եմ, թէ միասնաբար մենք մեր խոր ու դրական նպաստը կը բերենք աշխարհի փոփոխութեան։ Իւրաքանչիւրս պէտք է հպարտ զգայ՝ մեր իրագործումներուն եւ ձեռքբերումներուն համար։

Վերականգնումի, ամոքման եւ յոյսի նոր տարուան մը լաւագոյն մաղթանքներով…

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2024