ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

2024 թուականի առաջին օրը Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը։ «Ազգային կամքի հարթակ»ի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած այս հանրահաւաքը քաղաքի պատմական կեդրոնի սիրտին վրայ համախմբեց շուրջ 250 հազար հոգի։ Ցուցարարները ամբողջութեամբ լեցուցած էին Ղալաթիոյ կամուրջն ու Էմինէօնիւի հրապարակը՝ յարակից տարածքներով հանդերձ։ 308 հասարակական կազմակերպութիւն մասնակցութիւն բերաւ այս հանրահաւաքին, որ նախատեսուած էր՝ «Ողորմութիւն մեր նահատակներուն, զօրակցութիւն Պաղեստինին եւ անէծք Իսրայէլին» կարգախօսով։ Հանրահաւաքի ընթացքին մի առ մի ընթերցուեցան անունները այն 12 զինուորներուն, որոնք վերջերս նահատակուեցան Հիւսիսային Իրաքի մէջ։

Գիտութեան տարածման հիմնարկի վարչութեան նախագահ Պիլալ Էրտողան հանրահաւաքի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ցուցարարներուն խօսք ուղղելով ան ըսաւ. «Մենք գիտենք, թէ Պաղեստինի մէջ ցեղասպանութեան պատճառ դարձածներն ու մեր նահատակներու ոճրագործները նոյնն են։ Որքան ատեն, որ Պաղեստինի դատը կը շարունակուի՝ մեր կեանքին մէջ պոյքոթի տեղ պիտի բանանք»։

Հանրահաւաքի ընթացքին ցուցարարները կրեցին մեծադիր պաստառներ, որոնց վրայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն նմանցուած էր Հիթլէրի։

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2024