ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Իրանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ արիւնալի յարձակում մը, ինչ որ խոր մտահոգութեան պատճառ դարձաւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Իշխանութիւնները ահաբեկչութիւն որակեցին 13 վայրկեան տարբերութեամբ պատահած իրերայաջորդ երկու պայթումները, որոնք հոծ թիւով զոհեր խլեցին, պատճառ դարձան նաեւ հարիւրաւոր վիրաւորներու։ Պայթումները պատահեցան Իրանի Քիրման քաղաքին մէջ, որ հանգուցեալ զօրավար Քասըմ Սիւլէյմանիի ծննդավայրն է։ Ան Իրանի յեղափոխութեան պահակներու հրամանատարն էր եւ 2020 թուականին Պաղտատի մէջ սպաննուած էր՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրահանգով, անօդաչու թռչող սարքերու միջոցաւ։ Երէկուան պայթումներն ալ զուգադիպեցան Սիւլէյմանիի մահուան տարելիցին, երբ հոծ բազմութիւն մը Քիրման ուղեւորուած էր իր ոգեկոչման համար։ Իր գերեզմանի մերձակայքին պատահած իրերայաջորդ պայթումներու պատասխանատուութիւնը, ըստ որոշ աղբիւրներու պնդումներուն, ստանձնեց «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը։ Ըստ վերջին լուրերուն, զոհերու թիւը կը մօտենայ 100-ի սահմանին։

Միջազգային բեմահարթակի վրայ խոր մտահոգութեան պատճառ դարձած այս դէպքէն վերջ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յետաձգեց այսօր նախատեսուած Թուրքիա պաշտօնական այցելութիւնը։ Ան ահաբեկչական յարձակման վերաբերեալ յայտարարութիւն մըն ալ կատարեց՝ շեշտելով, որ Իրան պիտի փոխադարձէ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ՝ յայտնելով ցաւակցութիւն եւ ընդգծելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով Թուրքիոյ զօրակցութիւնը ի նպաստ Իրանին։

Այսպէսով Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ նիստն ալ տեղի պիտի ունենայ աւելի ուշ։

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2024