ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԵՌԱՐՁԱԿՈՂԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Հանրային հեռարձակողի խորհուրդը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Ամանորի գիշերը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ չհեռարձակուելուն կապակցութեամբ։ Այս ցաւալի դէպքի բուռն արձագանգներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, պաշտօնական մարմին մը ի վերջոյ հրապարակեց լուսաբանութիւն մը, ուր շեշտուած է, որ Հանրային հեռուստաընկերութիւնը չէ հրաժարած Կաթողիկոսի ուղերձը հեռարձակելէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք պարզաբանումը։
*
Դեկտեմբերի 31-ին, Հանրային հեռուստաընկերութիւնը ծրագրած էր հեռարձակել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ուղերձը ամենադիտուող հատուածներէն մէկուն մէջ՝ պաշտօնական պատգամներու համար այս տարի առանձնացուած ժամուն։ Կաթողիկոսի ելոյթը պէտք է յաջորդէր՝ Սահմանադրութեամբ պետութեան գլուխը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ելոյթին։
Ցաւօք, դեկտեմբերի 31-ին, Մայր Աթոռի անունով Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան Հանրային հեռարձակողի խորհուրդին տեղեկացուցած է, որ անհամաձայնութիւն կը յայտնեն ուղերձներու համար նախատեսուած ժամուն վերաբերեալ ու կը պահանջեն չհեռարձակել եւ ընդհանրապէս չօգտագործել Կաթողիկոսի ուղերձի տեսագրութիւնը, որու հեղինակային իրաւունքները կը պատկանին Մայր Աթոռին։
Քանի որ պահանջը միայն Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ կ՚առընչուէր, խորհուրդին ենթակայ «Շողակաթ» հեռուստաալիքը եւ Հանրային ռատիոն պատգամը հեռարձակած են, իսկ Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին վերաբերեալ բանաւոր դիմումը բաւարարուած է։
Ամանորեայ ուղերձներու հեռարձակման վերաբերեալ Հայաստանի մէջ օրէնսդրական կարգաւորում չկայ եւ սա է պատճառը, որ իւրաքանչիւր հեռուստաընկերութիւն ինքն իսկ կ՚որոշէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ հերթականութեամբ հեռարձակուին ուղերձները, ինչ որ ալ տեղի ունեցած է։ Հաշուի առնելով հանրային լայն արձագանգը՝ կ՚առաջարկենք խնդիրը կարգաւորել օրէնսդրական դաշտի մէջ։
Հանրային հեռարձակողի խորհուրդը ափսոսանք կը յայտնէ այս միջադէպին համար եւ կը յուսայ, թէ սա որեւէ կերպով չ՚անդրադառնար Հանրայինի եւ Մայր Աթոռի համագործակցութեան վրայ։
*
Այս պաշտօնական յայտարարութիւնը թէեւ յապաղած է, սակայն անանտեսելի է՝ մանաւանդ այն առումով, որ այնտեղ յստակ մատնանշուած է այս միջադէպին հանրային հարթութեան վրայ ստեղծած լայն արձագանգը։ Ընդհանրապէս, դրական ու շինիչ ոգիով ու պատշաճութիւններու սահմաններուն մէջ յայտարարութիւն մըն է այս մէկը, միայն պէտք է յստակացնել, որ Հանրային հեռարձակողի խորհուրդին կողմէ իրեն ենթակայ դասուած «Շողակաթ» հեռուստաալիքը արդէն կը պատկանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ անոր կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամին հեռարձակուիլը շատ բնական է։