ՖԻՏԱՆ ԵՒ ՊԼԻՆՔԸՆ ԽՕՍԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններ վարեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երկու նախարարներուն բանակցութիւնները տեղի ունեցան Չենկելգիւղի «Վահտետտին» ապարանքին մէջ։ Բանակցութիւններուն զուգահեռ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ տեսակցեցաւ Պլինքընի հետ։ Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են տարածաշրջանային բնոյթով բազում հարցեր՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ բանակցութիւնները։ Այս հանգամանքը արձագանգ գտած է նաեւ թէ՛ հայկական եւ թէ ռուսական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մէջ։

Բնականաբար, քննարկումներու ընթացքին շօշափուած են Կազզէի պատերազմին, Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ալ ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Թրքական կողմը շեշտած է, որ կողմնակից չէ Սեւ ծովու տարածաշրջանէն ներս լարուածութեան։ Նոյն շրջանակին մէջ կողմերը շօշափած են նաեւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքին վերաբերեալ հարցեր։ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան գործընթացէն սկսեալ, մինչեւ «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու գործարքը՝ կողմերը շօշափած են համատեղ հետաքրքրութեան առարկայ բազմաթիւ նիւթեր։

Հարկ է նշել, որ Էնթընի Պլինքըն Թուրքիա եկաւ տարածաշրջանային այցելութեան մը շրջանակին մէջ։ Իր ուղեւորութիւնը ընդգրկեց նաեւ՝ Յունաստանը, Յորդանանը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան, Իսրայէլը, Պաղեստինն ու Եգիպտոսը։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2024