ՊՈՆՕ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններուն գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն, որ ընդունուեցաւ նաեւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Լուիս Պոնոյին Հայաստանի այցելութեան ժամկէտը կը համընկնի ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Թուրքիոյ վերջին շփումներուն, որոնց ընթացքին եւս քննարկուած էին Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններուն հարցերը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան եւ Լուիս Պոնօ քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր՝ անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Գրիգորեանն ալ Պոնոյին հետ քննարկեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ անդրադառնալով վերջին շրջանի բանակցութիւններուն եւ այդ շրջանակներէն ներս գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին։ Ան անգամ մը եւս վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ ու համապարփակ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, Պաքուի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով յիշեցուեցաւ, որ Պոնօ յաճախ կ՚այցելէ տարածաշրջան քննարկելու Ուաշինկթընի աջակցութիւնը հաշտութեան գործընթացին եւ արդար ու կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղիներուն։ «Մենք պատրաստ ենք օգնել որեւէ գործընթացի, որ խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ։