Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Նաիրի Պետրոսեան, որ այս պաշտօնին մէջ պիտի յաջորդէ Սահակ Սարգսեանին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ ստորագրեց Նաիրի Պետրոսեանի նշանակման վերաբերեալ հրամանագիրը՝ հիմք ընդունելով վարչապետին առաջարկը, ըստ Սահմանադրութեան եւ երկրի օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն։
Նաիրի Պետրոսեան յառաջիկայ օրերուն Իսթանպուլի մէջ պաշտօնի պիտի ձեռնարկէ՝ յաջորդելով ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանին, որ յառաջիկայ շրջանին Ատիս Ապապա պիտի գործուղուի՝ նշանակուած ըլլալով Եթովպիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան։
Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024