Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԵՐՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զայիտ ալ Նահիան դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Էմիրը տեսակցեցաւ նաեւ Պաքուի ղեկավարութենէն այլ յառաջատար դէմքերու հետ։
Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր, նաեւ արժեւորուեցան միջազգային ու տարածաշրջանային բնոյթով իրադարձութիւնները։ Երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցան նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն զարգացնել համագործակցութիւնը։
Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024