ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած՝ նախկին նախարար Մուրատ Քուրում եւ այժմու գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկան՝ 31 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ։

Մուրատ Քուրում յայտնեց, որ պիտի կեդրոնանան Իսթանպուլի խնդիրներուն վրայ։ «Իսթանպուլը չէք կրնար օգտագործել՝ որպէս ապագայի համար ցատկատախտակ։ Մենք պիտի կեդրոնանանք քաղաքին ու անոր խնդիրներուն վրայ», ըսաւ Մուրատ Քուրում եւ աւելցուց, որ քաղաքի բնակիչները զիրենք պիտի չտեսնեն վէճերու մէջ։ «Մենք պիտի աշխատինք, դաշտի վրայ պիտի ըլլանք, պիտի արտադրենք, Իսթանպուլի բնակիչներուն պիտի ունկնդրենք, խնդիրներուն համար լուծումներ պիտի յղանանք եւ այդ լուծումներուն ուղղեալ անհրաժեշտ ծրագիրները կեանքի պիտի կոչենք», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Մուրատ Քուրում դիտել տուաւ, որ իրենք կը մրցակցին ղեկավարութեան մը հետ, որ իր խոստումները դրժած է։ «Մեր մրցակիցն է ղեկավարութեան այն մտայնութիւնը, որ Իսթանպուլի 16 միլիոն բնակիչին խոստումներ տուած է ու զանոնք չէ յարգած։ Իսթանպուլի ամենամեծ խնդիրն է՝ գործող ղեկավարութեան անտարբերութիւնը։ Որքան ատեն, որ այդ անտարբերութիւնը կը շարունակուի՝ խնդիրներն ալ կը շարունակուին։ Մենք Իսթանպուլի նկատմամբ մեր հետաքրքրութիւնը պիտի ցուցաբերենք», շարունակեց ան։

Ի լրումն այս բոլորին, Մուրատ Քուրում ընդգծեց, որ Իսթանպուլ պէտք է դառնայ համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն մը։ «Սա պէտք է ըլլայ տնտեսութեան, առեւտուրի, զբօսաշրջութեան ու գիւղատնտեսութեան քաղաքը։ Մեր երիտասարդներուն հնարաւորութիւն պիտի ստեղծենք, որպէսզի գործատեղիներ բանան կամ գործատեղիներու մէջ աշխատին։ Իսթապուլը արդէն տնտեսութեան ու առեւտուրի յառաջատարն է։ Նոր ձեռքբերումներ պիտի ապահովենք քաղաքին՝ մանաւանդ պիտի ստեղծենք նոր լոժիսթիք կեդրոններ, որոնք քաղաքի երթեւեկութեան բեռը պիտի թեթեւցնեն», եզրափակեց Քուրում։

Իր կարգին, Էքրէմ Իմամօղլուն ալ երէկ յայտնեց, որ Իսթանպուլի համար կը ձգտին դարձեալ դաշինք մը ստեղծել։ Իր խօսքով՝ թէեւ 2019 թուականին նման քաղաքական դաշինք մը գոյութիւն չունի, սակայն իրենք պիտի ձեւաւորեն Իսթանպուլի դաշինք մը։ Անդրադառնալով իր մրցակցին՝ Մուրատ Քուրումին՝ Էքրէմ Իմամօղլու ըսաւ. «Ես չեմ նայիր, թէ իմ ետեւէս ո՛վ կը վազէ։ Ես պիտի շարունակեմ վազել՝ նայելով իմ առջեւի կոտրուելիք նոր մրցանիշներուն»։

Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս հրապարակած էր Մուրատ Քուրումի թեկնածութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024