ՅԱՐԱՏԵՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, այցելութեան եզրափակիչ փուլին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռուբէն Ռուբինեան միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քուին։

Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Լուիս Պոնօ կարծիքներ փոխանակեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024