ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիսը, որ երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան։ Այս առաւօտ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ։ Օրուան տեւողութեան նախատեսուած են պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Երափեթրիտիս կ՚ընդունուի նաեւ այլ բարձրաստիճան իշխանաւորներու կողմէ։

Այս առաւօտ Եորկոս Երափեթրիտիս յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024