ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԻՏՔ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ 200 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅՈՑ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՁԱԽՈՂՈՒՄԸ
Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան ծանօթութիւն կը վայելէ՝ որպէս մասնագէտ, սակայն, իր մասնագիտութենէն դուրս նիւթերու շուրջ ալ հանդէս կու գայ խորհրդածութիւններով, որոնք կ՚արժանանան ուշադրութեան՝ մանաւանդ, որ ան հաճելի զրուցակից մըն է։ Զեքիեան Գերապայծառին հետ վերջերս նման սահմաններու մէջ ունեցանք կարծիքի փոխանակումներ, որոնց սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Հայաստանի մէջ այսօր կ՚երգուի խաղաղութեան երգը, բայց, ակնյայտ է, որ տարածաշրջանին մէջ բոլորը նոյն փափաքը չունի։ Դուք ի՞նչ կը դիտարկէք Պոլսոյ պատուհանէն։
-Վերջերս, շատ մը նիւթերու շուրջ խորհրդածելով, ստեղծած եմ որոշ լոզունգներ, որոնցմէ մէկը սա է. «Աստուած ամէն մեղք կը ներէ՝ կը բաւէ, որ դուն զղջաս եւ եթէ հարկ է՝ հատուցում կատարես, ապաշխարես։ Պատմութիւնը չի ներեր նոյնիսկ ստորակէտի մը սխալը»։ Հետեւաբար, իմ կարծիքով, պէտք է անաչառ ինքնաքննադատութիւն մը կատարենք, թէ մենք ինչպէս 200 տարի սխալի վրայ սխալ բարդեցինք եւ հասանք այսօրուան։
-Շատ հեռու չգացի՞ք…
-Այո՛, որովհետեւ մեր մտայնութիւնը մեզ այստեղ բերաւ այս վերջին երեսուն տարիներուն՝ սկսած «երկաթէ շերեփ»էն։ Բնականաբար, ես Խրիմեան Հայրիկի մասնագէտ մը չեմ՝ մեկնաբանելու համար, թէ ի՞նչ էր միտքը անոր «երկաթէ շերեփ»ին, բայց, ամէն պարագայի, դուն ինչ երկաթ որ ունենաս՝ դիմացինին երկաթը կրնայ աւելի զօրաւոր ըլլալ։ Այս բանը պէտք է հաշուի առնել։ Տարբերութիւն չունի, որ շերեփը թուղթէ կամ երկաթէ եղած է։ Հարցը այն է, թէ դիմացինիդ շերեփին տարողութիւնը որքան է։ Աւետարանը կ՚ըսէ՝ եթէ դուն պատերազմի ելած ես եւ 10 հազար զինուոր ունիս եւ եթէ կը տեսնես, որ դիմացէն եկող բանակը 20 հազար զինուոր ունի, ապա խաղաղութեան սպիտակ դրօշ կը պարզես եւ կը բանակցիս։ Սա տարրական իմաստութիւն մըն է։
Բնականաբար, այդ ժամանակներուն խեղճ գիւղացին, մշակը կը տառապէին, բայց սա ընկերային հարց էր, որ բովանդակ Եւրոպայի մէջ ալ կար։ Եթէ Եւրոպայի մէջ ընկերային հարց չըլլար, ապա Գերմանիոյ մէջ մարքսիզմը չէր ծներ։ Առաջին հայ յեղափոխականներէն ոմանք գուցէ հասկցած էին ու կ՚երազէին Օսմանեան կայսրութեան գլխաւոր երեք ազգերէն՝ թուրք, քիւրտ եւ հայ, մեծամասնական դասակարգը միաւորել, այսինքն՝ ընկերային շարժում մը ստեղծել։ Սուլթան Համիտ, որ նշմարեց այս բանը, յաջողեցաւ թուրքը եւ քիւրտը միաւորել կրօնի դրօշին տակ։ Սա շատ կարեւոր հարց մըն է, որ այսօր ալ մեր ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպի, եթէ կ՚ուզենք մեր հարցերուն մէջ խորամուխ ըլլալ։ Բնականաբար, այս հարցը միայն հայկական չէ. օրինակ՝ շատեր կ՚ըսեն, թէ Իտալիոյ վերամիաւորումն ալ ինքնին սխալ ձեւով եղած է։ Յիշենք… Երբ Ս. Պօղոս դատի տրուած էր, Հռոմէական կայսրութիւնը ունէր իրաւական ժողովրդավարութիւն մը, որ այսօր արեւմտեան որեւէ պետութիւն չունի։ Ս. Պօղոս դժգոհ էր Պաղեստինի մէջ իրեն դէմ սկսած դատավարութիւններէն ու կ՚ըսէր, թէ կայսեր պիտի բողոքէր։ Հռոմէացի իւրաքանչիւր քաղաքացի, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուէր, եթէ դժգոհ էր դատաւորէն, ապա «կայսեր կը բողոքեմ» կ՚ըսէր եւ կայսրութեան ծախսերով կը մեկնէր Հռոմ։ Ս. Պօղոս երկու տարի Հռոմ կը մնայ եւ առաջին դատավարութեան կը յաղթէ։ Եօթ-ութ տարի ետք, քրիստոնեաներու հալածանքը կը սկսի, Ներոնի օրօք եւ այդ ալ մինչեւ այսօր համաշխարհային պատմագրութեան մէջ չէ բացայայտուած, թէ ինչպէս Հռոմի նման իրաւադատ, իրաւատէր պետութիւն մը այդպիսի անհեթեթ բարբարոսութիւն մը գործած է՝ քրիստոնեաները հալածելով։
Մենք ալ, կը կարծեմ, թէ թիւրիմացութեան մէջ եղած ենք այդ շրջանին՝ չկարենալ զատորոշելով ընկերային հարցը ազգային հարցէն։ Պէտք է ըսել նաեւ, որ ազգային հարցը նոյնիսկ արեւմտեանին բնորդն էր։
-Ի՞նչ կը կարծէք՝ Թուրքիա ներկայիս խաղաղութիւն կերտել կ՚ուզէ՞։
-Թուրքիան Արցախի հարցին մէջ շատ մեծ դեր կատարեց։ Կը խորհիմ, թէ կայ պետական միտք մը, որ Մաքիավելլիի գաղափարն է։ Այսինքն՝ պետական այրը ամէն բանէ առաջ իր պետութեան շահը պիտի գերադասէ՝ անձնականէն կամ ընտանեկանէն ալ առաջ։ Իսկ պետական միտք կազմելը կամ կազմաւորելը դիւրին գործ չէ։ Մեծ դիւանագիտութիւնը բնորոշ է այն տէրութիւններուն, որոնք մեծ կայսրութիւն ունեցած են։ Այստեղ ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ հայերուն կ՚ակնարկեմ։ Այսօր լոզունգ է, որ հայերս դիւանագիտութիւն չունինք։ Այո՛, երկու հարիւր տարիէ ի վեր չունինք, բայց, սա չի նշանակեր, որ չենք ունեցած։ Շատ հեռու չերթանք՝ Լեւոն Մեծագործը չորս կայսրեր մատներուն վրայ խաղցուց։ Այդ կայսրերը իրարու հետ կը մրցէին անոր թագ ղրկելու համար։
Ուրեմն, վերադառնալով պետական միտքին, կը կարծեմ, թէ այսօր Թուրքիան Միջին Արեւելքի մէջ կը հզօրանայ՝ ինչպէս Իրանը։ Այդ զօրացումը, այս պահուս որքան որ ալ նշմարելի է, Արեւմուտքի դաշնակից պետութիւններուն միջեւ կ՚ունենայ դրսեւորում մը։ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի միակ անդամն է, որ կրնայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ խօսիլ կամ անոր հակադարձել։ Եւրոպայի որեւէ երկիր այս բանը բացէ ի բաց չի կրնար ընել։ Այս կէտէն պէտք է մեկնիլ։ Եթէ չեմ սխալիր, պատերազմէն տակաւին շատ առաջ Ատլանտեան Ուխտը ռազմափորձ մը կատարեց Հայաստանի հողին վրայ։ Այդ մէկը խորհրդանշական էր, բայց արդէն դրօշակն ալ խորհրդանշան մըն է, քաղաքականութիւնն ալ խորհրդանշական է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան