ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԱՅՑԵՐԸ ԱՏԱՓԱԶԱՐ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կոմիտասի՝ Ատափազար այցելութիւններու մասին կան պատմական վկայութիւններ. 1913-ին Կոմիտաս երկու անգամ այցելած է Ատափազար, ուր անոր եւ տեղի երգչախումբերու կատարմամբ զանազան ուսումնական հաստատութիւններու մէջ դասախօսութիւն-համերգներ կազմակերպուած են:
Պատմական իրողութիւներ են, որոնց մանրամասնութիւնները շատ յայտնի չեն, եւ ահաւասիկ, «Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին» գիրքէն կը տեղեկանանք, որ Կոմիտասի առաջին այցը՝ Ատափազար, նահանգին մէջ յայտնի ուսուցիչ Գէորգ Շիրինեանի յոբելեանի առթիւ էր:
1910-ական թուականներուն, Գէորգ Շիրինեան հակառակ ութսուն տարեկան ըլլալուն եւ յիսունամեայ ուսուցչագործութեանը՝ տակաւին կը զբաղէր մտաւորական աշխատանքով եւ Բիւթանիա նահանգին մէջ ծանօթ էր իբրեւ ուսուցչութեան նահապետ: Ծնած է Շապին Գարահիսար: Երկրորդական կրթութիւնը աւարտած է Պոլիս: Ամբողջ կեանքը նուիրած է ուսուցչութեան եւ զանազան քաղաքներ պաշտօններ վարած: Մնայուն կերպով հաաստատուած է Ատափազար: Ունեցած է նաեւ իր անհատական վարժարանը: Կոչուած է Ատափազարի լուսաւորիչը:
Անոր յոբելեանը տօնելու համար կը կազմուի յանձնախումբ մը եւ կ՚առաջարկուի տօնակատարութիւնը գաւառական անշուք հանդէսի բնոյթէն դուրս հանելու համար Պոլիսէն Կոմիտաս Վարդապետը հրաւիրել, այդպիսով մեծաշուք դրոշմ տրուած կ՚ըլլար ձեռնարկին:
Յանձնախումբին մէջ կ՚ըլլան մարդիկ, որոնք թերահաւատ էին, թէ կարելի էր բերել մեծանուն եւ մեծատաղանդ երգահան-երաժշտագէտը, որուն նուագահանդէսներուն հռչակը տարածուած էր Պոլսոյ մէջ, մանաւանդ լսուած էր նաեւ, թէ վարդապետը Պոլիսէն չի հեռանար: Ենովք Արմէն, որ Ատափազարի Կեդրոնական վարժարանի մէջ կը պաշտօնավարէր, կը դասաւանդէր հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն (1914-1915-ի տարեշրջանին ալ վարիչն էր), կ՚առաջարկէ յոբելենական յանձնախումբի նախագահին՝ Տ. Սերովբէին հետ զինք պատուիրակ նշանակել եւ կը հաւաստէ, որ ինք կը բերէ Կոմիտասը: Առաջարկը կ՚ընդունուի: Կը մեկնին: Կը ներկայանան Բանկալթի՝ վարդապետին բնակարանը: Ենովք Արմէն կը նկարագրէ, որ Փանոս Թերլեմեզեան՝ Կոմիտասին «թիկնապահը», հոն էր եւ անոր խօսքը լսած են, որ մոգական դեր կը կատարէ վարդապետին վրայ: Կ՚որոշեն նախ կոտրել նկարչին «ոչ»ը, այդ մէկը կը յաջողին, եւ Թերլեմեզեան անխօս կ՚անշարժանայ պատուհանի մը առջեւ՝ կռնակը պատին:
Ենովք Արմէն այդ ժամանակ վարդապետէն կը խնդրէ, որ մինչեւ իրենց խօսքին վերջին բառը լսէ եւ նոր միայն այո կամ ոչ ըսէ: Կոմիտաս նախ քմծիծաղով կ՚ընդունի առաջարկը, բայց կը լսէ եւ քսան վայրկեան տեւող բացատրականի աւարտին անվարան եւ վճռական կ՚ըսէ. «Քանի որ այդպէս է, կու գամ»:
Ատկէ ետք պատուիրակները կը հեռագրեն Ատափազար, որպէսզի յաղթանակի դրօշը պարզեն: Յաջորդ օրը Հայտարփաշայի կառախումբի կարմիր թաւշապատ Ա. Կարգով կը մեկնին: Ենովք Արմէն կը պատմէ, որ Իզմիտէն գնացքի խցիկը մտնելով պատուիրակութեան կը միանայ իր հետեւորդներով Բիւթանիա նահանգի ծերունազարդ առաջնորդ Ստեփանոս Արք. Յովակիմեան: Ենովք Արմէն հոգեւորական այս գործիչը կը նկարագրէ սապէս. «Հայ եկեղեցականութեան առաքելատիպ դէմքերէն ամենէն հնօրեայ շուքով պատկառազդու անձնաւորութիւնը, նահապետական ու պատրիարքական ծանրաշարժ հանդիսաւորութեան երեւոյթով, հսկայ, պարթեւահասակ, լայն կուրծքը զարդարուած բազմաթիւ շքանշաններու ոսկեփայլ ու ադամանդակուռ աստղերով, որոնց վրայ կը փռուի ցանցառ սեւ երակներով պղտորուած ձիւնափայլ լայն ու երկայն իր ճգնաւորական մօրուքը, որուն երկու բազուկները իր ընդարձակ այտերն ի վեր մագլցելով եւ թաւ պեխերը եզերելով կ՚երթան կորսուիլ խոշոր գլուխը ծածկող վեղարին վրանին մէջ: Վեղարին ճակատի եզրէն կը կայծկլտան թանձրամազ յօնքերով աղեղուած սեւ խոշոր աչքեր, որոնք հաստատակամ մարդու կախարդիչ բոցը կ՚արձակեն»: Յանձնաժողովը փառաշուք ընդունելութիւն կազմակերպած էր եկողներուն համար: Կայարանէն դէպի քաղաք հիւրերը ուղեկցուած են հանդիսաւորութեամբ. ճամբուն երկու կողմը, մինչեւ Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցի, քաղաքին հայ բնակչութեան մեծագոյն մասը շարքեր կազմած էր եւ ծափերով, ողջոյնի գոչիւններով դիմաւորած է պատուական հիւրը:
Բուն յոբելենական ձեռնարկէն գիշեր մը առաջ, Արամեան վարժարանի սրահին մէջ, Կոմիտասը հայ աշխարհիկ եւ եկեղեցական երաժշտութեան մասին բանախօսութիւն մը կատարած էր՝ իր կողմէ երգով եւ դաշնամուրով ընդմիջուած: Այդ բանախօսութեան երեկոն մինչեւ երեք ժամ տեւած է, եւ ներկաները հիացած մնացած են:
Յետոյ Ենովք Արմէն կը նկարագրէ յոբելանի օրը, որ քաղաքին համար աննախընթաց դէպքի թուական մը կը նկատէ: Կը պատմէ, որ Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին լեցուն էր խուռն բազմութիւնով: Յոբելեար Գէորգ Շիրինեան նոյնիսկ պահ մը շուքին տակ մնացած էր Կոմիտաս Վարդապետին հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքի պատճառով: Սակայն առաջնորդը կը փրկէ կացութիւնը՝ ձեռնարկին սլաքը ուղղելով դէպի վաստակաւոր ուսուցիչը: Կոմիտասը հոգեւոր երգեր կ՚երգէ, որ ծափահարութիւններով կ՚ընդունուի: Բայց ժողովուրդը կը պահանջէ «Կռունկ»ը: Վարդապետը լուռ, չի պատասխաներ: Ներկաները յամառ էին, կրկին կը պահանջեն եւ վարդապետը, յառաջանալով դէպի ժողովուրդը, կը յայտարարէ.
-Սիրելի՛ ժողովուրդ, ես էջմիածնական միաբան եմ, կը գտնուիմ Էջմիածնի մանրանկար եկեղեցիի կամարներուն տակ, վեղարով: Եթէ եկեղեցիին պատերն ալ փլցնէք ձեր ծափերով, ձեզի «Կռունկ» չեմ երգեր: Ես ինծի թոյլ չեմ տար եկեղեցիի մէջ աշխարհիկ երգ երգել:
Պատմողը կը մեկնաբանէ, որ այս յայտարարութիւնը ժողովուրդը ջախջախիչ յուսախաբութեան կը մատնէր եւ ծափերը շանթահար կը մարէին, փոխանակ ժողովուրդին զայրոյթը գրգռելու: Կոմիտասը ա՛լ աւելի կը մեծնար ամէնուն աչքին, իբր արուեստագէտին մեծութեան արժանի բարձր գաղափարականով կրօնաւոր Հայաստանեայց Եկեղեցիի:
Վարդապետը իր յաջորդ օրերը կը յատկացնէ այցելութիւններու՝ տրուած կրթական հաստատութիւններու: Կեդրոնականի մէջ, առաջին անգամ կը մտնէ Ենովք Արմէնին դասարանը: Ենովք Արմէն կը պատմէ. «Իր վարժարան մուտքը լսուելով, աշակերտութիւնը հրդեհուած է: Տղաքը աթոռ կը փութացնեն: Ինք կ՚աճապարէ դպրոցական գրասեղանի մը անկիւնը տեղաւորուիլ, մերժելով աթոռը: Երբ աթոռ մեծարող տղան կը պնդէ, Վարդապետը ժպտալից անոր ուղղելով խօսքը, կը խրատէ.
-Ես աթոռ շատ կը տեսնեմ, բայց դպրոցական գրասեղան չեմ տեսներ: Թո՛ղ որ անկէ կարօտս առնեմ: Վաղը դուք ալ շատ աթոռ պիտի տեսնէք, բայց այս գրասեղանը պիտի չգտնէք: Գիտցէ՛ք անոր յարգը: Վաղը անոր կարօտը պիտի զգաք ինծի պէս:
Կոմիտասի խօսքին ազդու շեշտովը արտասանուած այդ ազդարարութենէն ո՞ր սիրտը կրնայ թունդ ելած չ՚ըլլար: Ամէն դասարանի մէջ ան կը ձգէ նման պատմական պատգամի մը յիշատակը, որ կ՚արձանագրուի միտքերուն մէջ եւ չի մոռցուիր ժամանակին հետ:
Քաղաքէն մեկնումէն առաջ, կը կազմակերպուի եօթը հոգինոց ձիով արշաւանք մը դէպի Արմաշի դպրեվանքը, ուր մեզ կը դիմաւորէ երիտասարդ կրօնաւոր մը: Կոմիտաս Վարդապետ շա՜տ կը տպաւորուի վանքին մթնոլորտէն (թերեւս վերյիշելով Գէորգեան ճեմարանի միջավայրը): Արմաշ գիւղին կատարը պուրակի մը մէջ ընկողմանած, լուռ, խաղաղ, սրբաշունչ, մենաւոր, աշխարհէն մեկուսացած կղզիացումի մէջ, ուսանողներով եւ ուսուցիչներով նուիրուած բնազանցական հայեցողութիւններու երազանքներուն պարգեւած երանութեանը:
Կոմիտաս Վարապետի Ատափազարի տասնօրեակին դրուագին ուրուագծումը համագրաւեց քաղաքին ամբողջ կեանքի շարժումը:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ»ԷՆ՝ ԱՏԱՓԱԶԱՐ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՅՑԻ ՄԱՍԻՆ
Տէր Սերովբէ Քահանայ Պարսումեան կը թղթակցի.
Տէր Կոմիտաս Վարդապետ երկրորդ անգամ ըլլալով քաղաքս ժամանեց մայիսի 28 Գշ. օր, նախագահելու Ս. Հ. թաղի Գայիանեան վարժարանի նախկին սանուհիներէն կազմուած Սանուհեաց միութեան սարքած գեղարուեստական երեկոյթին: Ասիկա տեղացիին երաժշտական ճաշակը կը յատկանշէ: Երգն ու երաժշտութիւնը Ատափազարի հայուն համար ընտանեկան-ընկերային եւ որ նոյնն է՝ ազգային պահանջ մը դարձած են…
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐ
Ատափազարի Ս. Հրեշտակապետ թաղի Արամեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գայիանեան վարժարանի Սանուհեաց միութեան գեղարուեստական երեկոյթը՝ մայիսի 28-ին, ժամը վեցին (Ը. Թ.) եւ որուն կը նախագահէր Տ. Կոմիտաս Վարդապետ:
Նախ Տ. Արսէն Քահանայ Յարութիւնեան գեղեցիկ բացում մը կատարեց, բացատրելով կնոջ դերը քաղաքակրթութեան մէջ, ետքը Տէր Հայրը, մասնաւորելով խօսքը, յայտնեց, թէ Ատափազարի իգական սեռը բաղձալի շարժում մը կ՚ընէ դէպի իր կրթական գործը, մեր ազգային-ցեղական կեանքին մէջ: Դրուատեց Սանուհեացի այդ գեղեցիկ ձեռնարկը, որով ամենամեծ հաճոյքը կը պարգեւէր մեզի Տ. Կոմիտաս Վարդապետի նման բարձրագոյն երաժշտագէտ մը լսելու եւ վայելելու…
Երեկոյթը համեմուած էր պարզ ու գեղեցիկ կտորներով, զորս խօսեցան, երգեցին ու նուագեցին օրիորդներ Է. Մուրատեան, Ն. Չալըգեան, Ռ. Փափազեան, Լ. Ակօնաեան, Ա. Դարբինեան, Մ. Շիրինեան, ինչպէս նաեւ՝ տիկիններ Լ. Թոսունեան եւ Փ. Կէնճեան, եւ Տիար Յովհաննէս Գարիպեան… Ժողովուրդի բուռն պահանջին վրայ՝ Տ. Կոմիտաս Վարդապետ ընդմիջաբար ծափերու մէջ ելաւ՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իր մասին արտայայտուած խանդավառութեան համար, եւ ետքը պատրաստակամութիւն յայտնեց ժողովուրդին փափաքը լրացնելու:
Առաջին անգամ երգեց.
Հով արէք, սարեր ջան,
Հով արէք,
Իմ տարտին դարման արէք,
Սարերը հով չեն անում
Իմ տարտին դարման անում,
Ամպե՜ր, ամպե՜ր, մի քիչ զով արէք
Վարար անձրեւ թափէք, ծով արէք
(Գէշ մարդու օր արեւը
Սեւ հողի տակով արէք)
Յարգելի դասախօսը կ՚ըսէ. «Վշտով ու ցաւով բեռնաւորուած ու տառապանքի մէջ այրուող սիրտն է, որ սարէն, ձորէն.. ամպէն, ջուրէն ու ամբողջ Բնութենէն մխիթարութիւն կ՚ակնկալէ՝ առանց յուսահայտելու:
Յետոյ երգեց Տ. Կոմիտաս Վարդապետ Մոկաց Միրզէին երգը…
Յարգելի դասախօսը այս երգին միտքը կը բացատրէ սապէս. «Մոկաց Միրզէն վիպերգ է: Մոկաց իշխանը կը հրաւիրուի հացկերոյթի: Կերակուրէն յետոյ ձմերուկ կը բերեն, կէսը կու տան Մոկաց Միրզայի, կէսը կ՚ուտէ հիւրասիրողը: Վերադարձին թունաւորուած Հայ իշխանը կը մեռնի, զի ձմերուկի իրեն ինկած բաժինը դեղած (թունաւորուած) էր»:
Երգին մէջ կը պատմուի մանրամասն դէպքին եղելութիւնը եւ Մոկաց իշխանի ազնուութիւնը: Երգին առաջին մասը կը բովանդակէ պատմական մասն իբրեւ ասերգ, իսկ երկրորդը՝ քնարական բաժինը, բուն երգն է, որ երկար ու ձիգ՝ բարձր ձայնէ վար կ՚իջնէ ու կ՚անյայտանայ, նման սրտի խորէն ելած ափսոսանքի մը: «Հով արէք»ի եւ Մոկաց իշխանի սրտայոյզ երգերէն ետքը, Տ. Կոմիտաս Վարդապետ Հայ գեղջուկի հարսանեկան երգերովն ոգեւորեց ունկնդիրները: Նախ՝ հայ գեղջուկի հարսանիքին հոգեբանութիւնը կ՚ընէ. «Հարսանեկան երգերը թերեւս բեկորներն են հայ բնապաշտական շրջանէն մնացած քրիստոնեայ քօղով պարուրուած: Բոլոր երգերուն մէջ գիրկընդխառն կ՚երթայ մարդկային ու բնութեան կեանքը: Կ՚երգուին ամուսնութեան ու բնութեան գարունը, որ լուսնիկի ցօղով ու արեւի շողով կը ծլի:
Հարսին վեր կը հանեն ու լուսնկային հետ նուրբ ամպերու շղարշովը կը քօղարկեն: Փեսային երկնից արեւին հետ հրեղէն ձիու վրայ կ՚արշաւեցնեն: Երկնային առկայծ աստղերը, օդին թարմ հովիկները, բարձրիկ ու ազատ լեռները, կանաչագեղ ձորերը, վեհ ու ոսկի դաշտերը, երգիչ աղբիւրն ու ակը, ձայնագեղ հաւքերն ու ցամաքի թռչուն եղնիկը, թաքուն մանուշակը, ճերմակ շուշանը, հպարտ յասմիկը, արքայանման բալասանը, ծառերն ու պտուղները… Բոլորը կը խօսին իր սրտին մէջ եւ բնազդաբար կը տեսնեն մտերիմ ազգակցութիւն մարդկային ու բնութեան աշխարհին մէջ: Փեսային թագաւոր, հարսին թագուհի կ՚ըսեն եւ ըստ այսմ՝ թագւորամեր, թագւորաքոյր… զի օրուան մեծութիւններն են՝ հարսանեկան հանդէսը փառաւորող»:
Հարսանեկան երգերու թիւը հարիւրի մօտ են, կ՚ըսէ յարգելի բանախօսը, իսկ իր հաւաքած ժողովրդային երգերը՝ մօտ երեք հազար:
…Երեկոյթը մօտ երկու ժամ տեւելով ունկնդիրներս շատ գեղեցիկ տպաւորութեան տակ մեկնեցանք՝ յաջորդ գիշերուան Տ. Կոմիտաս Վարդապետի դասախօսութեան հմայքն ալ ըմբոշխնելու առաջադրութիւնով:
Դշ. մայիս 29, Տ. Կոմիտաս Վարդապետ այցելեց Կեդրոնական վարժարանը եւ յաջորդաբար Ս. Հ. թաղի վարժարանները, ուր զատ զատ բանախօսութիւններ ըրաւ եւ երգեր երգեց: Կարելի չէ երեւակայել մարդ մը, որ բարձրութեան մէջ այսքան խոնարհ ու հեզ հոգի մը կրելով, պզտիկ տղաքներուն հաճոյակատար ըլլայ՝ անոնց ուզած երգերը երգելով եւ նոյնիսկ կրկնելով զանոնք:
Գիշերուան ժամը մէկուկէսին որոտընդոստ ծափերու մէջ սրահ կը մտնէ եւ բեմ կը բարձրանայ Տ. Կոմիտաս Վարդապետ՝ Սանհուեաց Միութեան նախագահ Տ. Միքայէլ Քահանայ Երամեանի, Տ. Արսէն Քահանայ Յարութիւնեանի եւ ներկայ տողերը գրողին հետ: Նախ, ժպիտ մը կ՚արձակէ հոն եւ իր զուարթախօս յառաջաբանովը կ՚ոգեւորէ ներկայ երկսեռ բազմութիւնը, ու կը սկսի խօսիլ:
…Պէտք է ըսել, որ Տ. Կոմիտաս Վարդապետի կուռ դասախօսութեան գլխաւոր գիծերը միայն կրցած ենք գրի առնել, քանի որ չենք կրցած երբեք սղագրել խօսածները:
-Ժողովուրդը ինչպէ՞ս կ՚երգէ:
-Կ՚երգէ այնպէս, ինչպէս որ կը խորհի, ինչպէս որ կը խօսի: Երգը եւ խօսքը միատեսակ կարողութիւն է, որքան լաւ խորհի մարդը, այնքան լաւ կը խօսի ու կ՚երգէ,- կ՚ըսէ վարպետը ու կը շարունակէ.-
-Բառ մը՝ ունի երկու բաժին, մէկը՝ գագաթը՝ մէկը ստորոտը, նմանապէս ձայն մը ունի երկու պայման, շեշտը եւ հանգիստը: Նոյնիսկ մեր կեանքը երկու պայման ունի՝ ներշնչում եւ արտաշնչում: Ներշնչումը ուժ կու տայ մեր ներսը, իսկ արտաշնչումը՝ հանգիստ: Երաժշտութիւնը ի՞նչ է, բայց եթէ ելեւէջ, բնազդաբար ծանր խօսելով, կը կազմուի ինքնին եղանակ մը, փորձի համար բառ մը ծանր ծանր յեղյեղեցէք. անպայման եղանակ պիտի ելլէ անկէ: Հարց մըն է սա, թէ մարդիկ ուրախութեան թէ տրմտութեան միջոցին լաւ կ՚երգեն: Ցնցող զգայնութիւնը համահաւասար է ուրախութեան վիշտի միջոցին, բայց ես կը կարծեմ, թէ ուրախութիւնը մարդուն որովհետեւ անկայուն է, ուստի վաղանցուկ ցնցում մը զգայնութեան նուազ տպաւորիչ է, քան վիշտի միջոցին ցնցող զգայնութիւնը, որ աւելի ջղուտ եւ աւելի տպաւորիչ պէտք է ըլլայ:
Տ. Կոմիտաս, աշուղներուն վրայ եւս խօսելով ըսաւ. «Անգրագէտ եւ գրագէտ երգիչներու կամուրջը կը կազմեն աշուղները»: Յիշեց աշըգ Ճիւանը եւ աշըգ Շիրինը, որոնք ժողովրդային բանաստեղծութիւններ կ՚երգէին, անոնք երգած են, ըսաւ վարպետը, «պանդխտութեան սարսափը», ինչպէս նաեւ ո՛չ ուրիշը անարգելու եւ ո՛չ ալ իր ազգը ուրանալու յորդորը:
Յարգելի դասախօսը յետոյ ներկայացուց հայ գեղջուկ աղջիկ մը, որ կը սիրէ մանչ մը, ասոնց մէջ հետզհետէ արծարծուող սէրը կը մնայ միշտ լուռ ու անխօս: Օր մը, սակայն, մանչը զինուոր երթալով, աղջիկը կը կորսնցնէ դառնութիւնով իր սիրական եարը, հետեւապէս, խեղճին սրտին մէջ կը հոսի սէրը եւ կը սկսի հիւսելու ողբանուագ երգ մը անոր ուղուրին: Անկէ կտոր մը ահա.
Սարերի վրով գնաց,
Իմ եարը խռով գնաց,
Ոչ լոր էր նա, ոչ կաքաւ,
Ձեռիս թռաւ գնաց:
…Հանճարեղ դասախօսը ունկնդիր ժողովուրդին բուռն փափաքին վրայ Մոկաց Միրզէին երգը երգելով փակեց դասախօսութիւնը, մօտ երկուքուկէս ժամ խօսելէ եւ երգելէ ետք: Այս անգամ ալ Տ. Կոմիտաս Վրդ. նախորդին պէս դիւթեց, հիացուց եւ վերացուց մեզ, լիաթոք շնչեցինք իրական Բարին, Ճշմարիտն ու Գեղեցիկը:
Ի դիմաց Ատափազարի հայ հասարակութեան ամբողջին, մեր հիացումն ու սքանչացումը կը յայտնենք Տ. Կոմիտաս Վարդապետի, անզուգական գեղարուեստագէտին, որ երկրորդ անգամ ըլլալով բարեհաճեցաւ քաղաքս գալ եւ իր դիւթիչ երգերովն ու դասախօսութիւններովը սքանչացնել մեզ:
Պատի՜ւ Տ. Կոմիտաս Վարդապետի եւ փառք իր ցեղին:
ՍԵՐՈՎԲԷ ՔՀՆՅ. ՊՈՒՐՄԱԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024