ՄՏԵՐԻՄ ԶՐՈՅՑ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՀԵՏ

Արդէն ամիսէ մը ի վեր նոր տարին թեւակոխած ենք: Նոյն այս տարին է որ իր ուղղութիւնը կորսնցնելով, անծանօթ եւ անհոգ քայլերով, կարծես բոլորիս համար վերածուած է պարզապէս շրջող իրականութիւն մը: Սովորական: Աշխարհի մարդոց կեանքին մէջ անստոյգ ներկայութիւն: Եւ ի տես այս երեւոյթին, հայու մեր կեանքն ալ կարծես մեզի հետ չէ: Անոր համար՝ շուարած ենք:

Իմ կարգիս ազգային մեր շուարումի կողքին միտքս, ինչպէս միշտ, մխրճուած է ազնիւ եւ խորունկ մտածումներու մէջ: Ձեռքս չէ: Ի՞նչ կրնամ ընել: Արդ, նախ չմոռցած ըսեմ.- ներէ՛, հայրենիք որ քիչ մը շատ ուշ կը զրուցեմ հետդ:

Ներէ՛, որ նոյնիսկ այս տարիքիս, ցարդ չեմ կրցած հասկնալ երկար լռութիւնդ: Չեմ կրցած կարդալ միտքիդ տողերը: Շատ հեռուէն է որ կը գրեմ քեզի եւ այսպէս «կը խօսիմ» անաղմուկ եւ խաղաղ: Մօտս չես որ քեզի հանդիպիմ..., հեռու չես որ քեզի սպասեմ...: Այս մէկը գիտես արդէն: Այս օրերուն նման եւ այլազան մտածումներ արդէն գրաւած են մտքիս հորիզոնն ու սիրտը:

Արդ, չե՛մ փորձեր ինքզինքս արդարացնել: Պարզապէս ինծի համար հիմա լաւ առիթ մըն է հետդ զրուցելս: Անկեղծ եւ հանդարտ:

Միտքս անկեղծօրէն կրկնեմ.- հեռուէն կը դիտեմ քայքայուած երազներդ եւ անոնց կողքին նաեւ հիասթափութեան խորշոմները ճակատիդ: Դո՛ւն, Արարատեան երկիր, հայու հոգիներու քարտէսը բացող հողատարածք, իսկ ես՝ Արարատի ստորոտի մօտիկէն անցնող ճամբորդ, Քե՛զ, ուխտաւորի սրտովս, երազներուդ ու յոյսերուդ հետ միատեղ, երկնքի ընդարձակութիւնը յիշեցնող սէրով մը պաշտելու աստիճան միշտ սիրած եմ, եւ կը սիրեմ: Թէեւ տառապանքդ մշտապէս կ՚ապրի, բայց Դո՛ւն սրտիս մէջ ես, իբրեւ անկեղծ եւ հարազատ ու խորհրդաւոր պաշտամունք:

Նաեւ խոստովանիմ, որ երկիւղով կը մօտենամ անցեալ տարուան օրերուդ շարանին, որովհետեւ, այդ մէկը քաջութիւն կը պահանջէ: Դո՛ւն, մա՛յր հայրենիք, թէեւ դէմքդ ունի դալար դաշտերուդ, ձիւնոտ լեռներուդ, եւ զուլալ ջուրերուդ թարմ խաղաղութիւնը, սակայն այնպէս կ՚երեւի, թէ կորսուած է ուրախութիւնդ: Տակաւին ձայնդ խոր է ու հեռաւոր: Հաստատապէս երկար տառապանքէդ հինցած են դարերդ ալ: Խոժոռ իրականութիւն: Նայուածքներդ խոր են եւ մէկը միւսին մէջ: Ամէն օր կը կարդանք բառերդ եւ կ՚ըմբռնենք վիշտերդ:

Տառապած եւ տառապող հայրենիք, ողբերգութիւնը քեզ մեծապէս ցնցած է Արցախի կորուստին հետ միատեղ, սակայն ներքին ձայնդ, մեզ բոլորս կեանքի կը կանչէ: Գիտակից ենք, որ վիշտի ու չարչարանքի, դժբախտութեան կարաւանը անցեալ տարի ալ անցած էր երկինքէդ: Աշխարհն ալ լաւատեղեակ է, որ քեզ խոցած են եղբայրական նիզակով: Բայց ինչ կրնաս ընել... տակաւին կոյր է անարդարութիւնը եւ չի համապատասխաներ մարդկային ազնիւ զգացումներուն:

Տակաւին տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս յաճախ կորսնցուցած ես նաեւ աղօթքի հաւատքդ: Պատմութիւնդ վառ է եւ մեզ միշտ արթուն կը պահէ:

Վաղուան սերունդը պէտք ունի այս մէկուն: Պէտք ունի նաեւ քու փրկարար ներշնչումներուդ եւ արիութեանդ օրինակին:

Տողերուս մէջ, յարգալիր պաշտամունքիս հետ տակաւին կան խանդ, ոգեւորութիւն, թարմ եռանդ կեանքին հետ քալող երազներով, յուշերով, իբրեւ պայծառ լոյս: Աւելին՝ տողերս քեզ կրկին առոյգ եւ աշխոյժ տեսնելու բնազդը ունին. այդ բաղձանքով կ՚ապրին բառերս: Քեզ միշտ կը տեսնեմ եւ կը պահեմ միտքիս, հոգիիս, երակներուս եւ նոյնիսկ տողերուս մէջ:

Քեզ, միշտ փոքր տարիքէս ճանչնալու երջանկութիւնը կ՚ապրիմ, նոյնիսկ այս տարիքիս:

Աստուած իմ.- այս որքա՜ն լոյս կայ դէմքիդ վրայ: Այս բոլորը կեանքս կը սփոփեն եւ զիս ալ կ՚երջանկացնեն:

Դուն, թէեւ անցեալի մշուշին մէջ թաքուն պահուած ես, սակայն եւ անկասկած, աշխարհի հայութեան ամէնօրեայ յայտագրին մէջն ես, իբրեւ կեանքի զարդարանք:

Դարերով փնտռած ես հողիդ եւ զաւակներուդ երջանկութիւնը, ազատութիւնն ու արդարութիւնը եւ կապոյտ երկինքդ կամարող ծիածանը, սակայն հաստատ կեցած ես պատմութեան ճամբուն վրայ ապրելու ցանկութեամբ:

Կը տառապիս եւ կը հանդուրժես չարիքին, պարտութեան, կեղծիքին ե՛ւ սուտին. կարծր յամառութեամբ: Ազատութեան եւ արդարութեան ու ազգային ոգիով եւ ապագային մատուցող ծառայութեամբ կ՚ուզես հասնիլ նոր վաղուան:

Լոյսդ դրած ես Արարատի գագաթին, որպէսզի բոլորս ալ լուսաւորուինք անով:

Դուն, բոլորիս համար բաց գիրք մըն ես հին ու նոր էջերով, անգոյն եւ գունաւոր նկարներով: Մէկ էջը կը լեցնէ դժբախտութիւնը իսկ միւսը կարօտը։

Լաւ յիշէ՛... հերոսներ ծնած ես, որովհետեւ ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարը բուռն է զաւակներուդ կամքին մէջ։

Զաւակներդ միշտ կը փորձեն զիրար լրացնելով ապրիլ, որպէսզի կարելի եղած չափով ազատին ճակատագրի թշուառ զոհը դառնալէ:

Մտահոգ լաւատես մըն եմ, որ կը հնազանդի ժամանակի պահանջներուն:

Գիտենք որ յաճախ երազներդ սպաննուեցան, սակայն միշտ կրցած ես վերագտնել ապրելու հպարտութիւնդ։

Հայրենիք.- Մեր գոյութիւնը ամրապնդող հող. քեզի հետ ենք յաղթանակիդ եւ պարտութեանդ:

Ու հաւատա՛, այնքան ատեն որ զաւակներդ ականջ տան հողէդ բարձրացող կանչիդ, այնքան աւելի երազն ու իրականութիւնը կը միաձուլուին ու կը դառնան մաքուր եւ կապոյտ նպատակ:

Չէ՞ որ հոգիդ տակաւին խանդավառ է, իսկ անցեալդ՝ խուզարկող, ապրեցնող եւ ջերմացնող:

Կը հաւատամ, որ օր մը փոթորիկները պիտի հանդարտին, եւ դուն պիտի վերագտնես ինքզինքդ՝ նախկին հմայքդ, խանդավառութիւնդ, հպարտութիւնդ եւ քաջութիւնդ, հողերուդ անկախութեան հետ:

Նոր տարի է կեանքիդ նոր էջը բացած ես արդէն, ուստի, ապրելուն երջանկութիւնը զգայ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024