ՆԱԽԱՐԱՐԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր զգուշացումներով։ Վերջին շրջանին պաղառութեան եւ շնչառական համակարգի բորբոքումներու դէպքերը անհամեմատօրէն աւելցած են։ Այս հանգամանքը համատարած մտահոգութեան պատճառ դարձած է, քանի բոլորի յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են քովիտի համավարակի շրջանի թէ՛ փորձառութիւնները եւ թէ տագնապները։ Նախարար Քոճա համոզուած է, թէ այդ փորձառութիւններուն նոյնիսկ դոյզն մասը կրնայ ապահովել, որ մարդիկ ներկայ ձմեռը անցընեն առողջ։

Իր զգուշացումներուն զուգահեռ՝ Ֆահրետտին Քոճա հանրային կարծիքի նկատառման յանձնեց նաեւ զանազան վիճակագրական տուեալներ։ Այսպէս, շտապ դիմումներու պարագաները 20 տոկոսով բարձրացած են։ Երկրի հիւանդանոցներէն ներս խտացեալ խնամքի բաժանմունքներու զբաղուածութեան համեմատութիւնները հասած են 72 տոկոսի։ Վիճակագրական ամենաբարձր համեմատութիւնները Իսթանպուլի պարագային խնդրոյ առարկայ են։ Խտացեալ խնամքի բաժանմունքներու զբաղուածութեան ամենաբարձր համեմատութիւնը արձանագրուած է Իսթանպուլի մէջ՝ 83 տոկոսով։

Նախարար Քոճա խորհուրդ տուաւ, որ դիմակ կրեն բոլոր անոնք, որոնք բորբոքումներ ունին։ Ան կոչ ուղղեց նաեւ ուշադրութիւն ընել ընդհանուր մաքրութեան, կանոնաւոր կերպով սնուելու եւ առատօրէն հեղուկ սպառելու, որպէսզի հնարաւոր դառնայ վարակումներէ խուսափիլը։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024