ԿԻՒՄՐԻԻ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾ ՎԱԼԵՐԻ ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
Կիւմրիի մէջ տարեմուտին անհաւատալի վայրագութիւնով մը ողբերգութեան տեղի տուած ռուս զինուոր Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ՝ Օգոստոսի 12-ին։ Ինչպէս ծանօթ է, Կիւմրիի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի ռազմախարիսխի զինուորներէն Վալերի Փերմեաքով Յունուարի 12-ին ինքնակամ ձեւով լքած էր պահակակէտը եւ զէնքով մուտք գործած քաղաքի բնակիչներէն Աւետիսեան ընտանիքի բնակարանը։ Ան սպաննած էր Աւետիսեաններու ընտանիքի վեց անդամները ու վիրաւորած նաեւ անոնց նորածինը, որ աւելի վերջ մահացած էր հիւանդանոցի մէջ։ Դէպքէն վերջ Փերմեաքով ռուս սահմանապահներուն կողմէ ձերբակալուած էր՝ Թուրքիոյ սահմանը հատել փորձելու ժամանակ։ Յաջորդող շրջանին ան խոստովանած էր նաեւ իր մեղքը։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Երեւանի 5-րդ կայազօրային զինուորական դատարանը, որ կը գտնուի Ռուսաստանի Հիւսիսային Կովկասի շրջանային զինուորական դատարանի ենթակայութեան ներքեւ, կէս տարիով երկարաձգած է Վալերի Փերմեաքովի կալանքի ժամկէտը։ Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը պիտի սկսի Օգոստոսի 12-ին։ Դատական նիստը պիտի կայանայ օրուան սկիզբին։ Դատարանի բանբերը տեղեկացուցած է, թէ տեղի պիտի ունենայ բաց դատավարութիւն։