ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՋԱՆՔԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իսրայէլ-Պաղեստին հրադադարի մը հաստատման հարցը շաբաթավերջին քննարկեց «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի հետ։ Մինչ Կազզէի պատերազմը կը շարունակուի, Հաքան Ֆիտան Իսմայիլ Հանիյէին հետ խօսեցաւ շուտափոյթ հրադադարի հաստատման, պատանդներու ազատ արձակման, մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելման շուրջ։ Զրուցակիցները շօշափեցին նաեւ՝ մշտական խաղաղութեան հաստատման հետամուտ երկու պետութեան հիմունքով լուծման վերաբերեալ նիւթերը։
Դիւանագիտական աղբիւրները կը յիշեցնեն, որ Հաքան Ֆիտանի եւ Իսմայիլ Հանիյէի միջեւ վերջին անգամ պաշտօնական շփում մը տեղի ունեցած էր՝ անցեալ հոկտեմբերի 16-ի հեռախօսազրոյցով։
Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան վաղը Նիւ Եորքի մէջ պիտի մասնակցի՝ ՄԱԿ-է ներս Պաղեստինի օրակարգով նախատեսուած քննարկումներուն։