«ԹԱՔՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՉՈՒՆԵՆԱԼ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Մենք Ատրպէյճանէն կ՚ակնկալենք երաշխիքներ ու պատրաստ ենք տալ երաշխիքներ»։

Փաշինեան շաբաթավերջին իր գլխաւորած՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հաւաքներէն մէկուն ընթացքին յայտնեց, որ հաշտութեան գործընթացէն ներս Հայաստան Ատրպէյճանէն կ՚ակնկալէ՝ թաքնուած տարածքային պահանջներ չունենալու երաշխիքներ եւ պատրաստ է փոխադարձաբար նոյն երաշխիքները տալ Ատրպէյճանին։

Վարչապետին խօսքով՝ աշխատանքները հասած են տեղ մը, ուր Երեւանը Պաքուէն, Պաքուն ալ Երեւանէն յաւելեալ երաշխիքներ կը պահանջեն՝ իրարմէ փոխադարձաբար թաքնուած տարածքային պահանջներ ու նկրտումներ չունենալու վերաբերեալ։ «Դիւանագիտական թեքստերը միշտ տարբեր շրջադարձեր, տողատակեր կ՚ունենան։ Մենք Ատրպէյճանի, երեւի Ատրպէյճանն ալ մեր առաջարկներու տողատակերուն եթէ ոչ այսօր, ապա ապագային տարածքային պահանջներու վտանգներ կը տեսնենք», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ իրադրութեան նկատմամբ կարելի է տարբեր վերաբերմունք ունենալ, սակայն իրադրութեան պէտք է վերաբերիլ՝ որպէս աշխատանքային գործընթաց մը, որ պէտք է շարունակուի կառավարել՝ մինչեւ հարցերու պատասխան ստանալը։ Այս ամբողջին մէջ ան մեկնաբանեց առկայ գործընթացէն ներս ձեռք բերուած ըմբռնումը։ Ան համոզուած է, թէ փաստաթղթային ձեւով պէտք է վերարտադրուի 1991 թուականին գոյութիւն ունեցած սահմանը։ Վարչապետին բնորոշմամբ՝ Երեւան-Պաքու ուղիղ շփումները քիչ թէ շատ աշխոյժ են։

Ի լրումն այս բոլորին, Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնները կրնան խաղաղութեան գործընթացը դիտումնաւոր ձեւով փակուղիի մատնելու տպաւորութիւնը ստեղծել։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024