«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ՀՌԵՏՈՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՆԵՏԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան զանազան երկիրներու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած երկրի դեսպանները։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ այս երկօրեայ հաւաքը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Արարատ Միրզոյեանի ելոյթին յաջորդեց տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին, կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն, խաղաղութեան օրակարգին, մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ ծաւալուն քննարկում մը։ Բարձրաստիճան դիւանագէտները անդրադարձան նաեւ Երեւանի եւ միջազգային գործընկերներու միջեւ երկկողմանի կամ բազմակողմանի օրակարգի ընդլայնման հեռանկարներուն։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային ու տարածաշրջանային բնոյթով նիւթերու շուրջ։

Վիեննայի այս հաւաքէն առաջ, Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Խրուաթիա, ուր իր պաշտօնակցին հետ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հռետորաբանութիւնն ու յայտարարութիւնները կը շարունակեն մարտահրաւէր նետել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան»։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024