ՍՐՏԱԲՈՒԽ ԱՂՕԹՔՆԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որ Սուրբ Երկրի մէջ ըստ հին տոմարի կը նշէ տաղաւարները, այս տարի եւս Յորդանան գետի ափին տօնեց Սուրբ Մկրտութիւնն ու Աստուածայայտնութիւնը։ Յիշատակման մեծահանդէս արարողութեան հանդիսապետեց լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, որու կողքին էին Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան եւ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան։ Գետի հանդիպակաց ափերուն հնչեցին Հայ Եկեղեցւոյ հոգեզմայլ շարականները, որոնց եկան միանալ հաւատացեալներու սրտաբուխ աղօթքները։
Երէկ առաւօտ, Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի հայոց երկրորդ Գողգոթա վերամատրան մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին, Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամները ուղղուեցան դէպի Երիքօ, որ աշխարհի ամենահին քաղաքն է։ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի գլխաւորութեամբ միաբանութեան անդամները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին տեղւոյն կառավարիչին։ Այս փուլէն վերջ բոլորը ուղղուեցան դէպի Յորդանան գետ, որու ափին տեղի ունեցաւ տարեկան ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Յորդանանի ափէն ալ գետափ փութացած էին հաւատացեալներ եւ հոգեւորականներ՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ Տ. Աւետիս Ծայրագոյն Վարդապետ Իփրաճեանի։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024