ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն տեղեկացուցին, որ սպառազինութեան ոլորտէն ներս Ռուսաստանի հետ խնդիրները մեծամասնութեամբ կարգաւորուած են։ Ծանօթ է, որ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ երկար ատենէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու շարքին կ՚առանձնանար այս հարցը։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն յետոյ Հայաստանի իշխանութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ դժգոհութիւն կը յայտնէին, որ Ռուսաստանի թէեւ միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցուած են, սակայն պատուիրուած զէնքերը այդպէս ալ չեն ստացուած։ Առկայ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի դեսպանը ամիս մը առաջ յայտնած էր, որ ռազմաթեքնիք համագործակցութեան ոլորտէն ներս Երեւան-Մոսկուա գրեթէ բոլոր պայմանագրերը աւարտած են նախատեսուած ժամանակին։
Իշխանական ճամբարի պատգամաւորները բոլորովին վերջերս յայտնած էին, որ Ռուսաստան արդէն իրականացուցած է մատակարարումներ։ Անոնք նշած էին, որ վերջին շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին ռուսական զէնքերու խմբաքանակ մը արդէն հասած էր Հայաստան։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է նաեւ, որ այս բոլորով հանդերձ շարք մը խնդիրներ կը շարունակեն մնալ չլուծուած։ Նախարարութիւնը չէ յստակացուցած, թէ արդեօք խօսքը կը վերաբերի 400 միլիոն ամերիկեան տոլար արժէքով գործարքի՞ն կամ ոչ։