ՓԵՔԻՆ-ՊԱՔՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Չինաստանն ու Ատրպէյճանը կը ծրագրեն ընդլայնել առեւտրային համագործակցութիւնը։ Պաքուի մօտ Չինաստանի դեսպան Կուօ Մին երէկ անդրադարձաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ դեսպանը տեղեկացուց, որ Փեքին եւ Պաքու կը նախատեսեն զանազան ոլորտներու վերաբերեալ շարք մը նախագիծեր իրականացնել։

Կուօ Մին տեղեկացուց, որ առեւտուրի եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը ալ աւելի պիտի ընդլայնուի։ Իր խօսքով՝ Մետաքսի ճանապարհի նախագիծը կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2024