ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԻՒՐ

Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ ժողովը այսօր տեղի կ՚ունենայ, գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի։ Այս առթիւ, Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ Ռայիսի պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։ Հարկ է նշել, որ այս այցելութիւնը նախապէս երկու անգամ յետաձգուած էր եւ այժմ ի վերջոյ իրականութիւն կը դառնայ։

Յետմիջօրէի ժամերուն Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան պետական արարողակարգով կը դիմաւորէ իր պաշտօնակիցը։ Երկու ղեկավարները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը եւ կը գլխաւորեն բանակցութիւնները, որոնց զուգահեռ նախատեսուած է շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրում, ինչպէս նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս։

Միջազգային այժմու հրատապ օրակարգին ի շարունակութիւն՝ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն կը շօշափուի Կազզէի պատերազմն ու անով պայմանաւորուած տագնապալի իրադրութիւնը՝ մանաւանդ, որ Թուրքիա եւ Իրան այս շրջանին Իսրայէլը ակնյայտօրէն կը թիրախաւորեն իրենց յայտարարութիւններով։

Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդած են, որ Էրտողանի եւ Ռայիսիի գլխաւորութեամբ ծաւալուն արժեւորումի մը կ՚ենթարկուի նաեւ տարածաշրջանի իրավիճակը։ Քննարկումներուն այս երեսակը, անշուշտ, կրնայ ընդգրկել Հարաւային Կովկասի իրավիճակը՝ մանաւանդ, որ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Իրան կը համարուին տարածաշրջանի գլխաւոր դերակատարները եւ միշտ հանդէս կու գան «3+3» ձեւաչափով հարթակին ի նպաստ։ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա այս շրջանին կը ձգտին Նախիջեւանի վրայով ցամաքային բեռնափոխադրութեան համար միջանցքով մը ուղղակի կապուիլ իրարու հետ։ Հայաստան այդ ձգտումին հարիւր տոկոս կանաչ լոյս չի վառեր՝ խուսափելով արտատարածքային բնոյթ մը վերագրելէ այդ հաղորդակցութեան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Իրան կարեւոր դեր ունի, որովհետեւ մէկ կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման ուղղութեամբ զգայնութիւն կը դրսեւորէ, իսկ միւս կողմէ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան զինքը այլընտրանք կը նկատեն այս գործընթացին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2024