Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՊԱՔՈՒԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որոշեց պատժամիջոց մը սահմանել Ատրպէյճանի դէմ։ Այսպէս, քուէարկութեան արդիւնքով որոշուեցաւ չվաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները։ Սոյն որոշման հիման վրայ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը առնուազն մէկ տարիով կը հեռացուի ԵԽԽՎ-էն եւ այս ընթացքին կրնայ վերադառնալ միայն իր կանոնագրային պարտաւորութիւնները կատարելու պարագային։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւս հաստատեց այս լուրը։ ԵԽԽՎ արձանագրած է, որ Եւրոխորհուրդին միանալէ աւելի քան 20 տարի անց Ատրպէյճան չէ կատարած կազմակերպութեան անդամակցութենէն բխած հիմնական պարտաւորութիւնները։
Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024