ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան պետական արարողակարգով դիմաւորեց պաշտօնակիցը, որուն հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը եւ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Նախագահները գլխաւորեցին Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 9-րդ նիստը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Կովկասի առկայ իրադրութիւնը, որու կապակցութեամբ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ։ Նախագահներուն ներկայութեամբ, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ նաեւ՝ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հետամուտ 10 նոր համաձայնագիր։
Էրտողան եւ Ռայիսի երէկ առաւել չափով անվտանգութեան շեշտադրումներով պատգամներ տուին հանրային կարծիքին։ Անոնք առաջնահերթօրէն անդրադարձան ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարի վերաբերեալ հարցերուն, անշուշտ, նաեւ Կազզէի պատերազմին։ Վճռակամ արտայայտութիւններու ծիրէն ներս Ռայիսի Անգարայի մէջ յայտնեց, որ Իրան տարածաշրջանի երկիրներու անվտանգութիւնը կը դիտարկէ՝ որպէս իր սեփականը։ «Թուրքիոյ անվտանգութիւնը մեր անվտանգութիւնն է», ըսաւ ան, մինչ նշեց նաեւ, որ Պաղեստինի հարցին բերումով ամբողջ աշխարհ պէտք է ճնշում գործադրէ Իսրայէլի վրայ։