«ԽԵԼՔԻ՛ ԱՇԵՑԷՔ»
Պատմաբաններ թող նստին ու շարունակեն ուսումնասիրել Վասակի դաւաճան ըլլալ-չըլլալու իրողութիւնը։ Ուզեն նզովեն, ուզեն սրբացնեն. այդ մէկը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բան մը պիտի չփոխէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Վասակը շուքի տակ ձգող դաւաճաններ շա՜տ ունեցաւ, ունի՛ եւ կը շարունակէ ունենալ. անձեր՝ որոնք կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ նոյնիսկ պատրաստ են անիրաւութիւն գործել՝ հեղձամահ ընելով ամէ՛ն տեսակ խղճմտանք ու գութ: Նման անհատներ մեր հայկական կեանքին մէջ ամէ՛ն տեղ են՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ ու ցաւ ի սիրտ, շատ անգամ նման անձեր գաղութի մը «ղեկավար»ութիւնը ստանձնողներն են. անձեր՝ որոնք լաւապէս գիտեն շահագործել ողորմելիներուն դրութիւնը՝ զանոնք սեփական շահերու վերածելու համար:
Օրինակը վերցնենք անցեալէն. բոլորս ալ գիտենք, թէ յետցեղասպանութեան ինչպիսի՛ դժուար պայմաններու մէջ յայտնուեցաւ մեր ժողովուրդը եւ անտուն եւ անօթեւան բռնեց գաղթի ճամբան: Այդ ժամանակուան պէտքերն ու պահանջները բառերով կարելի չէր բացատրել. շատեր մերկ էին, իսկ ուրիշներ անօթի եւ այդ թշուառները կեանքի կոչելու համար բարոյականէն անդին կարիքը կար նիւթական օգնութեան:
Այդ թուականներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու այլ «խոստացուած» երկիրներ գտնուողներ յանձն առին կազմակերպել մարդասիրական այդ ողորմութիւնը, սակայն այդ թշուառներուն վիճակը բոլորին վրայ չազդեց, որովհետեւ այդ դժուարին պայմաններուն մէջ նոյնիսկ իրենց սեփական շահերը հետապնդողներ գոյութիւն ունէին:
Մեր թուականէն մօտաւորապէս 99 տարի առաջ՝ 1925 թուականին, ԱՄՆ-ի Կարմիր խաչը Դամասկոսի մէջ հաւաքուած թշուառ հայերուն համար հանգանակութիւն մը կը կատարէ եւ Պէյրութ կը ղրկէ 34 խոշոր կապոց լաթեր ու հագուստներ, մօտաւորապէս 9 սնտուկ կօշիկ եւ 500 ամերիկեան տոլար: Հայ գաղթականներու համար նախատեսուած օգնութիւնները կը յանձնուին Ա. Եղիա(եան) անունով մարդու մը, որպէսզի ի պաշտօնէ այդ օգնութիւնը հասցնէ կարօտեալ ժողովուրդին: Կարճ ժամանակ ետք կը պարզուի, թէ պրն. Եղիա այդ նպաստները կարիքաւոր հայերուն փոխանցելու փոխարէն օգնութեան մեծ մասը իւրացնելով 15 հազար ֆրանկի դիմաց ծախած է Ապտիւլ Ճէլալ անունով վաճառականի մը։ Այդ բացայայտումը եղած է բեռնակիրներու կողմէ, որոնք գուցէ իրենց հասած աւարէն դժգոհ ըլլալով ուզած են բարձրաձայնել առկայ կողոպուտը:
Այս երեւոյթին վրայ է, որ հրապարակագիր, խմբագիր ու մանկավարժ Միհրան Աղազարեան 1926 թուականին կը գրէ «Ինչպէս կը գողնան» կարճ աշխատութիւնը, որուն պատճառով «շահած է» հակառակորդներ եւ, հետեւաբար, եղբայրասպան ոճիրի մը զոհ դարձած է 1933 թուականին:
Այստեղ մեզի համար հետաքրքրական է Ա. Եղիայի եւ անոր նման բազմաթիւ «հայ»երու մտածելակերպն ու բարոյական աշխարհը։ Ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ բազմաթիւ հայորդիներու թշուառ վիճակին եւ այդ դժուարին պայմաններուն մէջ մտածել սեփական շահի մասին:
Ընթերցողին աւելի յստակ դարձնելու համար այդ օրերուն տիրող վիճակը, կ՚ուզենք յիշել Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի կոչը՝ «Կոչ մը հայ վաճառականներուն» խորագրին տակ գրուած.
«Ազնուաշուք Էֆէնտի,
Մուշ, Վան, Բաղէշ, Խնուս եւ Սասուն սովը տիրած է եւ նոյն տեղերու հայ բնակիչները ընտանեօք ո՛չ միայն հացի կարօտ կը քաշեն, այլ եւ բոլորովին մերկ ըլլալով՝ վերահաս ձմրան իրենց կեանքին սպառնացող մահուան վտանգներուն հանդէպ իսկ այժմէն սահմռկած են, հաց եւ հագուստ կը հայցեն»:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ Պ. Եղիա գաղութի պատասխանատու ներկայացուցիչներէն մէկն էր եւ գուցէ լաթերու բացայայտումը պարզապէս մէկն է՝ քանի մը տասնեակ այլ գողութիւններու, որոնք կատարուած էին նախապէս:
Հայ ժողովուրդը մի՛շտ ալ Պ. Եղիաներ ունեցաւ, ունի եւ պիտի ունենայ նաեւ ապագային։ Արցախի վերջին պատերազմին ժամանակ եւս յայտնուեցան բազմաթի՜ւ Եղիաներ։ Ստեփանակերտի շրջափակման ժամանակ շատեր ժողովուրդին վիճակը նկատի առնելու փոխարէն՝ հակառակը ըրին։ Արցախցի մը կը պատմէր, թէ քառապատկուեցաւ հացի ու նպարեղէններու գինը: Դժուարին այդ պայմաններուն մէջ ժողովուրդի վիճակը կարեւորելու փոխարէն՝ շատեր դարձեալ իրենց սեփական շահերը կարեւորեցին: Երբ մարդկային պարզ պայմաններու մէջ հայը հայուն չ՚օգներ, ի՞նչ կը սպասենք օտարներէն (թէեւ շատ անգամ օտարը շատ աւելի բարիք ըրած է հայուն՝ քան հայը. վկայ Մարիա Ճէյքըպսընն ու անոր նմանները):
Մինչեւ օրս արցախահայութեան օգնութիւն անուան տակ շատ մեծ գումարներ մուտք կը գործեն մեր երկիր, սակայն չես գիտեր ինչպէ՛ս արցախահայը կը շարունակէ մնալ աղքատ ու անօթեւան: Հին ու համեստ տան մէջ ապրող նախարարը կը փոխադրուի դղեակներ, մեծ հարստութեան մը տէր կը դառնայ, սակայն ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ աղքատ ու ողորմելի: Ժողովուրդին իրաւունքն ու բաժինը կողոպտելով, փշրանքներ կը հրամցնեն՝ «բարիք» մը կատարած ըլլալու համոզումով:
Մեր ազգին մէջ կողոպտուած գումարներով այսօր կարելի էր ունենալ հզօր բանակ մը, որ չի՛ գործածեր 1970-ական թուականներէն մնացած զէնք ու զինամթերքը:
Նման մարդոց համար աշուղը գրած է «Խելքի աշեցէք» տողերը, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն մնալ իրականութիւն.
«Յանցաւոր հարուստը ուրախ խնդալով,
Մեղքից ազատուել է մեծ գումար տալով.
Խեղճ մարդը սխալմամբ մի հաւ գողնալով
Բանտի մէջ է փտել, խելքի՛ աշեցէք»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Հրեշտակներու լեզու գոյութիւն ունի՞:
Պատասխան. «Հրեշտակային լեզու» հասկացողութիւնը կապուած է հոգեւոր համոզումներու հետ։ Տարբեր կրօնական աւանդութիւններու մէջ մարդիկ կը պնդեն, թէ հրեշտակներու եւ կամ Աստուածային էակներու հետ հաղորդակցութեան մէջ են՝ յատուկ լեզուներու եւ խորհրդանշաններու միջոցով: Յայտնի օրինակներէն մէկն է Ենոքեան լեզուն, որ ի յայտ եկած է 16-րդ դարուն, Ճոն Տիի եւ Էտուարտ Քելլիի հրեշտակներու հետ հաղորդակցելու փորձի ժամանակ:
Սակայն, կարեւոր է նշել, որ հրեշտակային լեզուներու հաւատալը հիմնուած է հաւատքի եւ անձնական համոզումներու վրայ: Չկան գիտական ապացոյցներ, որոնք հաստատեն գոյութիւնը «հրեշտակային լեզուի» մը, որով կարելի ըլլայ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ մտնել երկնային էակներու հետ:
Մարդիկ, որոնք կը պնդեն, թէ կը խօսին եւ կամ կը հասկնան հրեշտակային լեզուներ, յաճախ այդ մէկը կը նկարագրեն՝ որպէս աստուածային յայտնութիւն, սակայն թերահաւատներ այդ մէկը կ՚ընդունին՝ որպէս կրօնական, մշակութային կամ հոգեբանական տարբեր ազդեցութիւններու հետեւանք:
Վերջապէս պատասխանելով, թէ ոեւէ մէկը կրնա՞յ իրապէս խօսիլ հրեշտակներու լեզուն՝ անձնական համոզումի հարց է: Կարեւոր է նման երեւոյթներու մօտենալ բաց միտքով՝ հասկնալու համար, թէ անոնք խարսխուած են հաւատաքի՞ թէ հոգեբանութեան վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024