ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԻՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

«Հա­պէր Թիւրք» օ­րա­թեր­թը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով խումբ մը հա­յեր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Ա­րա­րատ լե­րան գա­գա­թին։ Ըստ Ա­րիֆ Պալ­քա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս տե­սած լրա­տուու­թեան, ե­րե­սուն­հինգ հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ խումբ մը ո­գե­կո­չած են զո­հե­րը եւ Ա­րա­րա­տի գա­գա­թին պար­զած՝ 100 մեթր եր­կա­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի ե­ռա­գոյ­նը։ Ա­նոնք 100 երկ­վայր­կեան յար­գան­քի լռու­թիւն պա­հած են։ «Կա­րին» հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու հա­մոյ­թը ներ­կա­յա­ցու­ցած է շուրջ­պար մը։ Այս­պէ­սով ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սած է՝ ա­ռանց անվ­տան­գու­թեան խնդրի մը։ «Տիգ­րան Մեծ» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Սրա­պիոն Գէոր­գեան այս առ­թիւ յայտ­նած է, թէ Ա­րա­րատ լե­ռը շատ կա­րե­ւոր խորհր­դան­շան մըն է հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին մէջ։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2015