ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոխորհրդարանի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Արցախի վերաբերեալ համաժողով մը։ «Պահպանելով Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը» խորագրեալ հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Եւրոխորհրդարանի նախաձեռնութեամբ։ Բացման փուլին ելոյթներով հանդէս եկան Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Միրիամ Լեքսման եւ Պրիւքսէլի մօտ Հայաստանի դեսպան, ԵՄ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Տիգրան Բալայեան։

Համաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի վարիչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Պրիւքսէլի զեկուցման ընթացքին ան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ հայոց սրբավայրերու թիրախաւորման, պատմամշակութային արժէքներու ոչնչացման քաղաքականութեան եւ այս ուղղութեամբ միջազգային հանրութենէն ակնկալուած քայլերու հրատապ բնոյթին։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024