ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Թուրքիա կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի բանակցութիւնները նոր աշխուժութիւն ստեղծած են Անգարա-Թեհրան համագործակցութեան տեսակէտէ։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանն ալ ընկերային ցանցերու վրայ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը։ Իր խօսքով՝ այցելութեան արդիւնքները Անգարա-Թեհրան երկկողմանի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր էջի մը սկիզբը կը բնորոշեն։ «Երկկողմանի համաձայնագրերը բարիդրացիութեան եւ տեսակաւորման քաղաքականութեան շրջանակէն ներս են եւ կը վերաբերին յարաբերութիւններու բոլոր հարթութիւններուն՝ ներառեալ առեւտուրը, ներդրումները, տնտեսութիւնը, մաքսայինը, արդիւնաբերութիւնը, սահմանային շուկաներու եւ ազատ առեւտուրի գօտիներու ընդլայնումը, մշակոյթը, զբօսաշրջութիւնը, սահմանային անվտանգութիւնն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը», նշեց Ապտուլլահիան։

Տարածաշրջանային հարցերու շուրջ Թուրքիա-Իրան համախոհութեան տեսակէտէ այլ կարեւոր դրսեւորումի մը վերածուեցան Աստանայի մէջ կազմակերպուած՝ Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցութիւնները, որոնք 21-րդն էին իրենց տեսակին մէջ։ Բանակցութիւններուն մասնակցեցան Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի պատուիրակութիւնները։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը համակարծիք գտնուած են, թէ Սուրիոյ առկայ անկայունութեան պատճառն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ապօրինի ներկայութիւնը։ Աստանայի ձեւաչափով տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ալեքսանտր Լաւրենտիեւ յայտարարած է հետեւեալը. «Մենք համոզուած ենք, Թուրքիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչներն ալ առնուազն նոյն դիրքորոշումը ունին, թէ Սուրիոյ առկայ անկայունութեան հիմնական պատճառն է՝ երկրի երկու շրջանէն ներս ամերիկեան ապօրինի ռազմական ներկայութիւնը»։

Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան Մերձաւոր Արեւելքի առընթեր, Հարաւային Կովկասի պարագային ալ կը հետապնդեն իրերանման նպատակներ՝ մասնաւորապէս չնախընտրելով Արեւմուտքի ներթափանցումը կամ հնարաւորինս սահմանափակելով անոր ազդեցութիւնը։ Թէեւ տարածաշրջանային առկայ հաւասարակշռութիւններուն մէջ Իրանի եւ Հայաստանի դիրքորոշումները որոշ չափով կը համընկնին, սակայն կան նաեւ այլ հանգամանքներ։ Հայաստան ներկայիս իր մատնուած անելը յաղթահարելու համար կը ջանայ ապահովել նաեւ Արեւմուտքի աջակցութիւնը, իսկ Ատրպէյճան, որ Իրանի հետ կարգ մը մօտեցումներու տարբերութիւն ունի, նոյնպէս կը ձգտի Արեւմուտքը տարածաշրջանէն հեռու պահել։

Պաքու այս շրջանին նկատելիօրէն խստացուցած է իր խօսոյթը արեւմտեան դերակատարներու դէմ, նաեւ սահմանափակած է անոնց հետ համագործակցութիւնը։ Վերջին օրերուն Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որոշած էր առնուազն տարի մը դադրեցնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ այժմ Պաքու մտադիր չէ համակերպիլ այս որոշման եւ այդ մէկը անարդար եւ կողմնակալ վերաբերմունքի հետեւանք կը համարէ։ Ներկայիս Ատրպէյճան կը քննարկէ ո՛չ միայն ԵԽԽՎ-էն, այլեւ ամբողջութեամբ Եւրոխորհուրդէն դուրս գալու ընթացակարգը։ Ան կրնայ նաեւ հրաժարիլ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց դատարանի իրաւասութեան ճանաչումէն։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024