ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔՈՎ

Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քեմրըն երէկ այցելեց Թուրքիա։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին հետ։ Իսթինիէի «Միւշիր Ֆուատ Փաշա» ապարանքին մէջ, ուր տեղակայուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի ներկայացուցչութիւնը, երկու նախարարները ծաւալուն արժեւորումի մը ենթարկեցին տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի հրատապ բոլոր հարցերը։ Համաշխարհային նոր իրադրութեան հետքերով անոնք քննարկեցին Անգարա-Լոնտոն համագործակցութեան հունը։ Բաց աստի, Չենկելգիւղի «Վահտետտին» ապարանքին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ընդունեց Տէյվիտ Քեմրընը։ Բացի Հաքան Ֆիտանէն, զրոյցին ներկայ էին նախագահի աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ Հաղորդակցութեան բաժնի պետ Ֆահրետտին Ալթուն։ Էրտողան-Քեմրըն հանդիպումը տեւեց շուրջ ժամ մը։ Ֆիտան-Քեմրըն առանձնազրոյցն ալ տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Նախարարներու գլխաւորած պատուիրակութիւններուն հանդիպումն ալ ընթացաւ ճաշասեղանի շուրջ։

Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտանի եւ Տէյվիտ Քեմրընի հանդիպման ընթացքին Կազզէի պատերազմը շօշափուեցաւ առաջնահերթօրէն։ Անոնք ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքն ու տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։ Նախարարները ՆԱԹՕ-ի ծիրէն ներս դաշնակցային յարաբերութիւններուն ալ ակնարկեցին։

Ֆիտան պաշտօնակցին նկատառման յանձնեց, որ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս մշտական խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է փութով ամբողջական հրադադար հաստատել եւ երկու պետութեան հիմունքով լուծումը կեանքի կոչել։ Իր կարգին, Քեմրըն գոհունակութիւն յայտնեց Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան վաւերացման ուղղութեամբ։

Երկու նախարարները Իսթանպուլի մէջ կանգ առին նաեւ Սեւ ծովու անվտանգութեան կարեւորութեան վրայ։ Թուրքիա-Անգլիա յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով ամրապնդելու ուղղեալ վճռակամութիւնը վերահաստատելու զուգահեռ՝ նախարարները առաջնահերթութիւն ընծայեցին առեւտուրի, տնտեսութեան եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառներուն։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024