ԶԱՐԻՖ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րիֆ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Իր շփում­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Զա­րի­ֆի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուե­լիք տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու­ղե­ւո­րու­թեան մը ծի­րին մէջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ Թեհ­րա­նի եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ Վիեն­նա­յի մէջ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն վերջ Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րիֆ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ի­րե­րա­յա­ջորդ նման շրջա­գա­յու­թիւն­ներ։ Ըստ մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րուն, այս ծի­րին մէջ է, որ Ճե­ւատ Զարիֆ պի­տի ժա­մա­նէ Ան­գա­րա եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ պի­տի գտնուի նաեւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ Թեհ­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը մատ­նան­շած են, թէ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի այ­ցը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ Ծանօթ է, որ վերջերս հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցած էր երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հասան Ռուհանիի միջեւ։

Բաց աս­տի, Օ­գոս­տո­սի 12-ին ալ Զա­րիֆ պի­տի այ­ցե­լէ Լի­բա­նա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պէյ­րութ։ Քննար­կում­նե­րուն շրջագ­ծով Զա­րիֆ անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րէ նաեւ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ ձեռք բերուած հա­մա­ձայ­նու­թեան ար­դիւնք­ներուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2015