ՈՐՔԱ՞Ն ՏՈՒԺԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ձմեռնային իր նստաշրջանին չէ վաւերացուցած Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հաւատարմագրերը։ Պատճառները, հիմնականին մէջ, երկու հատ են՝ Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Արցախի հայ բնակչութեան փաստացի վտարումը։ Ատրպէյճանի պատուիրակները այսպէսով առնուազն մէկ տարի չեն մասնակցիր ԵԽԽՎ-ի նիստերուն։
Ըսել, որ սա սարսափելի հարուած է Ատրպէյճանի համար եւ այդ արգելքի ազդեցութեան տակ Իլհամ Ալիեւ կը հրաժարի Հայաստանի եւ հայոց դէմ բռնութենէ, չափազանցութիւն կ՚ըլլար։ Աւելին, Ատրպէյճանի մէջ այսօր սկսած են քննարկել ԵԽԽՎ-էն դուրս գալու նիւթը։
Յիշեցնեմ, որ Ռուսաստան 2022 թուականի մարտի 16-ին ամբողջապէս հեռացուած է Եւրոխորհուրդէն՝ պարզ է, որ Ուքրայնայի վրայ յարձակելու պատճառով։ Սպիտակ Ռուսիան ընդհանրապէս ԵԽ-ի անդամ չէ, որովհետեւ չէ վաւերացուցած Մարդու իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան պայմանագիրը եւ ցեղական առումով առայժմ կը մնայ թեկնածուներու շարքին։
Չէի ըսեր, որ ԵԽ-ի անդամ չըլլալը սարսափելի հետեւանքներ ունեցած է այդ երկու երկիրներուն համար։ Անոնք, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանը, կը գոյատեւեն՝ մարդու իրաւունքները ամէնուրեք եւ կոպտօրէն ոտնահարելով եւ սա այդ երկիրներու քաղաքացիներու մեծամասնութեան համար, կարծես թէ, մեծ խնդիր մը չէ։ Աշխարհի վրայ կան նաեւ մի քանի տասնեակ երկիրներ, որոնք չեն ալ փափաքիր դառնալ ԵԽ-ի անդամ եւ դժուար է ըսել, որ այդ երկիրներու բնակիչները շատ դժբախտ կը զգան։
ԵԽ-ի անդամ 45 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստանը, մարդու իրաւանց եւ ազատութիւններու վերաբերեալ կան խնդիրներ՝ այս կամ այն չափով։ Եւրոպական կառոյցները մատներու արանքով կը նային Հայաստանի մէջ եւրոպական արժէքներէ շեղումներուն եւ պատճառը, իմ կարծիքով, Ռուսաստանի դէմ «կիսապաշտօնապէս» հրահրուող հակաքարոզչութիւնն է։
Մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները մեր ընտրութիւնն են։ Յամենայնդէպս, մեր երկիրը պաշտօնապէս այդպէս յայտարարած է 2001 թուականի յունուարի 25-ին, երբ վաւերացուցած է վերոյիշեալ պայմանագիրը։ Չեմ կրնար ըսել, որ այս 23 տարիներուն ոչինչ ըրուած է։ Միւս կողմէ, ինձ կը թուի, որ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններու վերաբերմունքը այդ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն՝ ձեւական է՝ հաշուետուութիւն տալու համար։ Անձամբ ես այդ պարտաւորութիւններուն նկատմամբ լուրջ կը վերաբերիմ։ Սրտանց կը փափաքիմ, որ այդ չափանիշներու տեսանկիւնէն մենք դառնանք Նորվեկիոյ կամ Դանիոյ նման երկիր մը։
Բայց անվտանգութեան առումով ԵԽ-ի անդամ ըլլալ-չըլլալը, ժողովրդավարութիւն ունենալ-չունենալը որեւէ նշանակութիւն չունի։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի