ՅՍՏԱԿ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն վերջին օրերուն դարձեալ այցելեց Իրաք։ Անցեալ շաբաթ Պաղտատի մէջ ունեցած շփումներէն վերջ, ան այս անգամ այցելեց Էրպիլ։ Թուրքիա այս շրջանին նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով՝ մասնաւորապէս ազդու ձեւով թիրախաւորելով ՓՔՔ կազմակերպութիւնը։ Ուստի, թէ՛ Իրաքի կեդրոնական ղեկավարութեան եւ թէ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավարութեան իշխանութիւններուն հետ Թուրքիա կը խտացնէ իր շփումները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն այս վերջին այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է Իրաք-Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի, Քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանիի, ներքին գործոց նախարար Ռեպեր Ահմէտի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, Իրաքի թիւրքմենական ճակատի ղեկավար Հասան Թուրանի եւ նոյն ճակատէն Քերքիւքի երեսփոխան Էրշատ Սալիհիի հետ։
Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է Թուրքիոյ անհանգստութիւնը՝ Սիւլէյմանիյէի մէջ առկայ ՓՔՔ-ի գոյութեան հետեւանքով։ Տարածաշրջանային իրադարձութիւններու արժեւորման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքի գնահատման առընթեր, Իպրահիմ Քալըն իր երկխօսներուն հետ շօշափած է ՓՔՔ-ի ահաբեկչութեան դէմ ազդու պայքարի վերաբերեալ նիւթեր եւ անոնց նկատառման յանձնած է Թուրքիոյ այս ուղղութեամբ վճռակամութիւնը։