ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԵՐԵԿՈՅԹ

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 85-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին յոբելենական համերգ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Մեծանուն վարպետը թէեւ պատուոյ օթեակէն հետեւեցաւ ձեռնարկին, սակայն լեփլեցուն դահլիճի արուեստասէրներուն իրեն նկատմամբ համակրանքն ու յարգանքը կը թեւածէր ամէնուրեք եւ ան արդար հպարտութեամբ հաղորդ դարձաւ այդ բոլորին։

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ ի պատիւ Տիգրան Մանսուրեանի՝ գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։

Երեկոյթին ներկայ էին նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024