ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐԷՆ ՄԻ ՔԱՆԻ ՀԱՏ
Ձեր կարծիքով 150 տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդը քանի՞ հայկական թերթեր ունեցած կրնայ ըլլալ։ Այս հարցումին պատասխանը գտնելու լաւագոյն ձեւը գուցէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի արխիւները ուսումնասիրելն է (թէեւ վստահ ենք, որ կրնան գոյութիւն ունեցած ըլլալ բազմաթիւ այլ թերթեր եւս, որոնք տարբեր պատճառներով հասած չեն այս օրերուն): Ազգային գրադարանի արխիւներուն համաձայն, առայժմ հայ ժողովուրդը ունեցած է աւելի քան 2720 տարբեր թերթեր ու հանդէսներ, որոնցմէ միայն քանի մը տասնեակը յաջողած է իր երթը շարունակել։ Անոնցմէ մէկն է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը: Իրականութեան մէջ 2720 եւ աւելի թերթեր ունենալը՝ ի տարբերութիւն այլ ազգերու, չափազանց շատ է: Քննարկելի նիւթ է սա. մենք շատ թերթ ունեցած ենք, որովհետեւ հաւատացա՞ծ ենք գիրին ու գրականութեան կարեւորութեան եւ կամ ամբողջութեամբ հակառակը, այդ մէկը դիւրին ու շահաբեր գո՞րծ մը նկատելով ծնունդ տուած ենք մեծ քանակութեամբ թերթերու, որոնցմէ շատեր հազիւ քանի մը ամսուան կեանք յաջողած են ունենալ:
Նման վիճակի մը դիմաց բողոք կը բարձրացնէր խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան, «Ոչ միայն մշակել, այլեւ հակազդել» խորագրեալ խմբագրականին մէջ՝ ըսելով. «Ափէ ափ նետուեցանք առտու մը, եւ, ինչպէս որ անհատական կեանքի մէջ իւրաքանչիւրը իր գիտցածը օգտագործեց, մամուլին եւ հանրային կեանքին մէջ ալ ամէն մէկը ճամբայ ինկաւ իր բերած պաշարով կամ հասկացողութեամբ։ Հետեւա՞նքը, երբեք այսքան բարբարոսական բաբելոնի մը վերածուած չէր հայկական մամուլը»:
Հայութեան մօտ թերթին եւ մամուլին նպատակը այնքան ալ յստակ չէր եւ գուցէ այդ պատճառով է, որ Միսաքեան «բաբելոն» կը կոչէր հայկական մամուլը։ Ամէն մէկը մամուլի հետ կապուած տարբեր հասկացողութիւն ու մտածողութիւն մը ունէր. օրինակ՝ բանաստեղծ ու թարգմանիչ Լարէնց (բուն անունով Լեւոն Քէշիշեան) 118 տարի առաջ՝ 14 նոյեմբեր 1906 թուականին «Ազատ Բեմ»ի 59-րդ թիւին մէջ կը գրէր. «Մենք միշտ այն համոզումը ունեցած ենք, թէ մամուլը կարելի եղածին չափ քիչ կը զբաղի կուսակցական ներքին խնդիրներով»։ Գուցէ Լարէնցի համար մամուլը գրականութիւնն ու լեզուն կոկելու եւ կոփելու միջոց մըն էր, սակայն ուրիշներու համար այդ մէկը որպէս ազգային խնդիրները քննարկելու եւ ժողովուրդը «արթուն» պահելու միջոց կը դիտուէր:
Այս խառն համոզումներու կողքին, կային անձեր, որոնք համոզուած էին, թէ թերթ հրատարակելը, խմբագրական աշխատանք ընելը դիւրին բան մըն էր։ Խմբագիր եղողը հանրութեան կողմէ տարբեր յարգանքի մը կ՚արժանանար եւ եթէ նիւթականի խնդիր չկայ, ապա արգելք մը չկայ թերթ հրատարակելու եւ խմբագիր դառնալու:
Հայ գրողին ու հայ խմբագիրին նկատմամբ անտարբերութեան մասին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «Հայրենիք» օրաթերթի 20-24 յուլիս 1918 թուակիր թերթերուն մէջ բողոքի ձայն մը կը բարձրացնէր «Տէոտէկիւլ» գրչանունով յօդուածագիր մը. աւելի քան 105 տարուան տողեր, սակայն կը շարունակեն մնալ այժմէական։ «Տէոտէկիւլ» կ՚ըսէ.
«Ամենէն ցաւալի պարագան այն է, որ ամերիկահայութիւնը հրապարակագրութեան վրայ կը նայի ցած աչքով եւ առանց իսկապէս ըմբռնելու անոր բարձր դերն ու արժէքը…։ Թէ հասարակ ընթերցողը իր դերին մէջ չմնալով կը փորձէ լրագրութեան մէջ մուտք գտնել, ըսելով՝ թերթը ի՞նչ է որ… խմբագիրը ի՞նչ է որ… գրողն ու գրագէտը ի՞նչ են որ… բոլորն ալ պարզ բաներ եւ անհատներ»: Շատերու կողմէ կը քննադատուէր թերթերու հրատարակութիւնը, որովհետեւ թերթի հրատարակութիւնը մեծ ծախս կը պահանջէր եւ այդ օրերուն գաւառներու մէջ մանաւանդ հայ ժողովուրդը սովամահ կ՚ըլլար. նիւթական պարագաներ անոնց օգնութեան յատկացնելու փոխարէն մարդիկ կը նախընտրէին թերթեր հիմնել եւ ազգին խնդիրներով զբաղուիլ: Մեր թերթերու հետ կապուած խնդիրը մինչեւ այսօր կը շարունակուի, որովհետեւ մինչ օրս գործող թերթերը անհատներու եւ կամ կուսակցութիւններու սեփականութիւնը կը նկատուին եւ բնականաբար ստիպուած են անհատներու եւ կամ կուսակցութիւններու շահերը պաշտպանել եւ ապահովել՝ հանրութեան շահերուն ծառայելու փոխարէն:
Սակայն պատահականութեան արդիւնք չէ, որ բոլոր թերթերը մէկ առ մէկ իրենց մահկանացուն կնքեցին եւ մնացին մի քանին։ Թէեւ այդ մի քանին եւս լուրջ վտանգներու դէմ յանդիման կը գտնուին. վկայ՝ անցեալ քանի մը տարիներուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բարձրացուցած ահազանգը:
Աւելի քան 2700 հայկական թերթեր մահուան դատապարտուեցան եւ ընդունինք թէ ոչ՝ իրապաշտութիւնը կ՚ըսէ, թէ պիտի գայ օր մը, որ ներկայիս գործողները եւս կնքեն իրենց մահկանացուները, որովհետեւ մեր ազգին մօտ նոր թերթեր ծնելու ժամանակը անցաւ. եղածները հողին պիտի յանձնեք՝ առանց նորերը լոյս աշխարհ բերելու։ Նոյնն է պարագան եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն։ Անոնք աւելիով կը մեռնին՝ քան կը ծնին:
Հայկական մամուլի քարտէսը գծելու փորձով մը ըսենք։ Պոլսոյ մէջ մինչեւ օրս ծնունդ առած է աւելի քան 212 թերթ ու հանդէս, Երեւանի մէջ՝ աւելի քան 720, Լիբանանի մէջ՝ 120, Թիֆլիսի մէջ՝ 170, Փարիզի մէջ՝ 100, Պաքուի մէջ՝ 60, ԱՄՆ-ի մէջ՝ 130, իսկ Եգիպտոսի մէջ՝ 70: Անշուշտ, այս թիւերը մօտաւոր պատկերացում մը կազմելու համար է։ Այսօր վերոյիշեալներէն միայն մի քանին կը շարունակեն կենդանի մնալ:
Կը հաւատանք, թէ այս բոլորին պատճառը, ինչպէս մի՛շտ, մեր ժողովուրդի անտարբերութիւնն է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Դաջուածք (Tattoo) ունենալը մե՞ղք է:
Պատասխան. Դաջուածքին մեղք ըլլալը կրօնական կամ մշակութային զանազան աւանդութիւններու համոզում մըն է։ Որոշ կրօններ, օրինակ՝ քրիստոնէութեան որոշ ճիւղաւորումներ կ՚ուսուցանեն, թէ մարմինը Աստուծոյ տաճարն է եւ հետեւաբար մարմինի վրայ դաջուածք ունենալը այդ սկզբունքին դէմ կը նկատուի: Այս նիւթին մասին կարելի է զանազան մեկնաբանութիւններու հանդիպիլ, սակայն ոչ թէ բոլորը դաջուածքը որպէս մեղք կ՚ընդունին։ Վերջին ժամանակներուն շատ մը կրօններու մօտ փոխուած է դաջուածքի հանդէպ համոզումը:
Դաջուածքին մեղք ըլլալ-չըլլալը հասկնալու համար խորհուրդ կու տամ դիմել ձեր կրօնի պատկանող հոգեւորականներու՝ հասկնալու համար ձեր սեփական կրօնի համոզումներն ու ըմբռնումը։ Անոնք կրնան ձեզ առաջնորդել կրօնին ուսուցած սկզբունքներուն համաձայն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան