Ո՞Վ ԲԵՐԱՒ ՆԻԿՈԼԸ

2018 թուականէն ի վեր կը հնչէ այն հարցը, թէ ո՞վ իշխանութեան գլուխ բերաւ Նիկոլ Փաշինեանը։ Եթէ մինչեւ 2020 այդ հարցը կը բարձրաձայնուէր՝ հասկնալու համար, թէ Հայաստանի մէջ ի՞նչ գործընթաց սկսած է եւ ինչի՞ կը սպասուի յետագային, ապա 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն եւ, յատկապէս, Արցախը ամբողջովին հայազրկելէ յետոյ հարցը հնչեց առաւել սպառնալից շեշտադրմամբ։ Հարցի պատասխանը կ՚ենթադրէ նաեւ պատասխանատուութիւն՝ Նիկոլը իշխանութեան գլուխ բերածը պէտք է պատասխան տայ առնուազն պատերազմական ու անոր յաջորդած աւելի քան եռամեայ շրջանին տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն համար։ Իսկ կատարուած է սարսափելին։ Ունեցանք շուրջ մէկ տասնեակ հազար զոհեր, խեղուած ճակատագրեր, հարիւր հազարէ աւելի փախստականներ, հաշմանդամ դարձած հազարաւոր երիտասարդներ։ Վտանգի տակ են բուն Հայաստանի պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ասոր զուգահեռ՝ ունինք ապագայի հանդէպ հաւատը կորսնցուցած, թեւաթափ, անորոշութեան, վախու, հիասթափութեան եւ հոգեբանական ցնցակաթուածի մէջ յայտնուած, աճող սերունդի համար որեւէ հեռանկար չտեսնող ազգաբնակչութիւն։

Հետաքրքրական է, որ հարցը, թէ ո՞վ բերաւ Նիկոլը ու անոր հաւանական պատասխանները, որոնք 2018-ին աշխուժօրէն կը մասնակցէին հանրահաւաքներուն, կը փակէին փողոցներ ու կը ցնծային, երբ Նիկոլը դարձաւ վարչապետ։ Այսօր նոյն մարդիկ կը պնդեն, թէ դաւադրութիւն եղած է եւ դաւադիր ուժեր զիրենք օգտագործած են՝ սարքելով կեղծ յեղափոխական իրավիճակ։ Իբր՝ սա կազմակերպած էին այն ժամանակուան իշխանութիւնն ու դուրսի տարբեր ուժեր՝ իւրաքանչիւրը ապագայի իր տեսլականին համահունչ։ Կէտի մը վրայ, սակայն, շատեր կարծես թէ համամիտ են՝ նպատակը եղած էր Արցախը յանձնելը։ Կարճ խօսքով՝ «Արցախը նետած են Նիկոլի գրպանը»։

Սա, թերեւս, ժողովուրդի պատկերաւոր մտածողութեան արտայայտութիւնն է, ոչ աւելին։ Իսկ 2018-ին ի՛նչ տեղի ունեցած ըլլալը թող իւրաքանչիւրը ինքնուրոյն որոշէ՝ յեղափոխութի՞ւն, թէ դաւադրութիւն։ Առաւել եւս, որ համապատասխան եզրայանգում մը ընելու համար փաստերու, տեղեկատուական նիւթերու պակաս չկայ։ Տուեալ պարագային նաեւ այլ հարցեր մեզ պէտք է հետաքրքրեն՝ ինչպէ՞ս եղաւ, որ այդքան մարդ հաւաքուեցաւ փողոցներու մէջ կամ ինչպէ՞ս դեղին մամուլի գրչակ մը յաջողեցաւ դառնալ քարիզմաթիք կերպար եւ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա ալ կան մարդիկ, որոնք անոր կ՚աջակցին։

Եւ ամենակարեւորը, որ կարելի է հարցերու հարցը անուանել, ինչո՞ւ 2021-ին ընտրողներու մեծամասնութիւնը անոր տուաւ իր քուէն։ Սա բացառիկ, հակաբնական, հակաբարոյական երեւոյթ է գրեթէ չվերծանուած, առեղծուած։ Այս հարցի պատասխանը, թերեւս, շատ աւելի կարեւոր է՝ քան սկիզբին բերուած հարցը, որովհետեւ այսպէսով կը պարզուի իրական պատասխանատուին ո՛վ ըլլալը՝ այն մարդը կամ առարկան, որ Նիկոլը բերած էր, կապած հայ ժողովուրդի գլխին։

Հետքերը, կարծես թէ, կը տանին դէպի դուռը նախորդ իշխանութեան, որու կառավարման օրով հայ հանրութիւնը ի սպառ կորսնցուց հաւատը ընտրութիւններու միջոցաւ երկրէն ներս իրավիճակ փոխելու հնարաւորութեան նկատմամբ։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան իշխանավարման տարիներուն խզուեցաւ ժողովուրդի եւ իշխանութեան միջեւ կապը, ծաղկում ապրեցան համակարգային փտածութիւնը, հովանաւորչութիւնը, ընկերային անարդարութիւնը, խափանուեցաւ քաղաքացիներու հաւասար հնարաւորութիւններու դրութիւնը։

Արատաւոր բարիքներու, ապօրինութիւններու այս ցանկը կարելի է երկար շարունակել։ Բայց նկարագրուածն ալ բաւական է՝ համոզուելու համար, թէ 2018-ին արդէն իսկ պարարտ հող ստեղծուած էր դաւադրութեան համար։ Այսինքն, կուտակուած էր բացասական երեւոյթներու այնպիսի կծիկ մը, որ իշխանութեան գլուխ գալու անխոչընդոտ ճանապարհ կրնար բանալ նոյնիսկ Նիկոլ Փաշինեանին առջեւ։ Եւ բացաւ։

Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024