ԵՐԵՒԱՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ՍՊԱՍԷ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Թուրքիա շատ աւելի շինիչ դեր մը կրնայ խաղալ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս։
Ազգային մեծ ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Հուլուսի Աքարի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան վերջերս Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտան հայկական լրահոսին մէջ։ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց՝ Հուլուսի Աքարի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն յետոյ կատարած յայտարարութիւններուն։
Փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա շատ աւելի շինիչ դեր մը կրնայ խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս գոյացած համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ։ Երեւան պաշտօնապէս կը սպասէ Անգարայի արձագանգին՝ պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու առումով։
Կոստանեան այս յայտարարութեան մէջ ակնարկեց ցամաքային սահմանի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու բացման։ «Գիտէք, որ հայկական կողմի բոլոր ենթակառուցուածքները արդէն իսկ պատրաստ են», մատնանշեց փոխ-նախարարը։