ՃԻՎԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ՊԻՏԻ ՆՈՒԱԳԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Աշ­խար­հահռ­չակ տու­տու­կա­հար Ճի­վան Գաս­պա­րեան յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բին հա­մեր­գով մը հան­դէս պի­տի գայ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։ Մե­ծա­նուն վար­պե­տը պի­տի նուա­գէ եւս ե­րեք տու­տու­կա­հար­նե­րու՝ Ար­մէն Ղա­զա­րեա­նի, Վազ­գէն Մա­կա­րեա­նի եւ Ճի­վան Գաս­պա­րեան կրտսե­րի հետ։ Այս վեր­ջի­նը իր թոռն է։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճի­վան Գաս­պա­րեան մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րէ Ե­րու­սա­ղէ­մի սրբա­զան ե­րաժշտու­թեան փա­ռա­տօ­նի եւ իր մաս կազ­մած քա­ռեա­կին ե­լոյ­թը նա­խա­տե­սուած է Սեպ­տեմ­բե­րի 3-ին։

Փա­ռա­տօ­նի կայ­քէ­ջը այս առ­թիւ անդ­րա­դարձ կա­տա­րած է Ճի­վան Գաս­պա­րեա­նին՝ որ­պէս ա­ռաս­պել։ Ընդգ­ծուած է, որ իր ա­ւե­լի քան եօ­թա­նա­սուն տարուան ե­րաժշ­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին Ճի­վան Գաս­պա­րեան շա­հած է ան­թիւ մրցա­նակ­ներ, հան­դէս ե­կած է աշ­խար­հի զա­նա­զան ե­րա­ժիշտ­նե­րուն հետ եւ Հո­լի­վու­տի ժա­պա­ւէն­նե­րուն մէջ յա­ճախ կը հնչեն իր կա­տա­րում­նե­րը։ Ան վեց տա­րե­կա­նին սկսած է տու­տուկ նուա­գել՝ ա­ռանց դա­սա­ւանդ­ման։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2015