ԺԱՄԱՆԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Մինչ համաշխարհային հարթութեան վրայ ուժերու վերադասաւորումը հունի մէջ է, Թուրքիա միջազգային բոլոր դերակատարներուն հետ անմիջական համագործակցութիւն կը ծաւալէ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ներկայ տարուան առաջին ամսուան մէջ Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնին եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին հիւրընկալած էր։ Անգարայի ղեկավարութիւնը այս ամիս ալ ամենաբարձր մակարդակի բանակցութիւններու կը պատրաստուի։ Այսպէս, արդէն յայտարարուած է, որ փետրուարի 12-ին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Ռուս պաշտօնակիցը հիւրընկալելէ օր մը վերջ նախագահ Էրտողան պիտի ուղեւորուի Գահիրէ։ Ան տասն տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ Եգիպտոս պիտի այցելէ։

Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին առաջնահերթօրէն պիտի անդրադառնան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին, Սուրիոյ վերջին կացութեան, Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուած Կազզէի պատերազմին եւ Կարմիր ծովու իրադարձութիւններուն։ Մեկնաբանները օրակարգի նուրբ նիւթերու շարքին կը դասեն Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի գործարքը, որ միջոցէ մը ի վեր առկախուած է։ Նախագահ Էրտողան կը պատրաստուի Փութինին առաջարկել՝ ի գին ամէն բանի այդ գործարքը վերակենդանացնել։

Փութինը հիւրընկալելէ վերջ, Էրտողան Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ-Սիսիի հետ բանակցութիւններ պիտի վարէ Գահիրէի մէջ։ Թուրքիա-Եգիպտոս առանցքին վրայ առաջնահերթութիւն կը ներկայացնեն Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները։ Կողմերը պիտի շօշափեն Կազզէի մէջ շրջափակման ենթակայ Պաղեստինի բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու վերաբերեալ հարցերը։ Անոնք կարծիքի փոխանակումներ պիտի ունենան նաեւ՝ Իսրայէլի յարձակումները կասեցնելու ուղղեալ հաւանական քայլերուն շուրջ։ Էրտողան եւ Սիսի երկկողմանի յարաբերութիւններուն շուրջ ալ ծաւալուն արժեւորում մը պիտի կատարեն։ Բանակցային օրակարգին վրայ տեղ պիտի գտնեն նաեւ Միջերկրականի արեւելքէն ներս համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առեւտուրի ծաւալի բարձրացումը։

Էրտողան եւ Սիսի 2022 թուականի նոյեմբերին, Քաթարի մէջ, ֆութպոլի համաշխարհային առաջնութեան բացումին ձեռնուած էին, ինչ որ շուրջ տասն տարի տեւած Թուրքիա-Եգիպտոս լարուածութենէն վերջ երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ նոր էջի մը բացման առիթ դարձած էր։

Նախագահ Էրտողանի այս երկու ժամադրութիւններն ալ միջազգային տեսակէտէ շրջադարձային փուլի մը կը զուգադիպի։ Արդարեւ, Արեւմուտքի խօսոյթը հետզհետէ աւելի կը խստանայ Ռուսաստանի դէմ եւ զուգահեռաբար՝ Ուքրայնայի համար նախատեսուած օգնութեան յաւելումն ալ միշտ օրակարգի վրայ է։ Միւս կողմէ, կան նաեւ հակասական պարագաներ՝ քանի արեւմտեան մայրաքաղաքներէն կը բարձրաձայնուին նաեւ մտահոգութիւններ, ըստ որոնց կարելի չէ տակաւին երկար տեւականացնել Ուքրայնայի ի նպաստ օժանդակութիւնը։ Արեւմտեան լրասփիւռները կը խօսին նոյնիսկ ՆԱԹՕ-ի հրամանատարներու պատերազմական պատրաստութիւններուն շուրջ՝ հաշուարկելով, որ երկու-երեք տարի վերջ դաշինքը կրնայ պարտաւորուիլ պատերազմի մէջ մտնելու Ռուսաստանի դէմ։

Մերձաւոր Արեւելքի պարագային եւս իրադարձութիւնները լաւատես չեն։ Ուաշինկթընէն հետզհետէ աւելի արմատական տրամադրութիւններու վերաբերեալ լուրեր կը հասնին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները լրջօրէն հաշուի կ՚առնէ Իրանին հարուծներ հասցնելու վարկածը։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ աշնան ԱՄՆ-ի մէջ նախագահական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, թէ՛ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը եւ թէ Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւնները չեն նախընտրեր պաղարիւն վարուիլ եւ կը հրահրեն Իրանը թիրախաւորելու վարկածը։ Վերջերս Յորդանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմախարիսխին վրայ գործուած ու երեք զինուորի կեանք խլած յարձակումն ալ այս առումով պարարտ հող կը պատրաստէ՝ որքան որ ալ Թեհրանի կողմէ հերքուին այն պնդումները, թէ յարձակումը Իրանի կողմէ կատարուած է։ Փենթակոնի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ յարձակման հետեւանքով առնուազն քառասուն ամերիկացի զինուոր ալ վիրաւորուած է։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մերձաւոր Արեւելքի դէպքերը ուղղակի ներքին քաղաքական վէճերու ալ առարկայ կը դառնան։ Նախագահ Պայտընին կը հասցէագրուին բուռն քննադատութիւններ, մինչ իր գլխաւոր մրցակիցը Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ եթէ ինք գտնուէր իշխանութեան գլուխ, ապա նման յարձակում մը տեղի չէր ունենար։

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2024