ԱՆՎՏԱՆԳԱՅԻՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի պաշտպանական ոլորտի յարաբերութիւններու 95-97 տոկոսը նախապէս Ռուսաստանի հետ էր, իսկ հիմա այդպէս չի կրնար ըլլալ։
Վարչապետ Փաշինեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային ռատիոյի «Անվտանգ միջավայր» հաղորդման։ Այս առթիւ ան բացատրեց, որ կառավարութիւնը կը նախատեսէր այս տարուան ընթացքին աւարտել զինեալ ուժերու բարեփոխումներու հայեցակարգը։ Անդրադառնալով բարեփոխումներու հայեցակարգի բացակայութեան՝ ան ըսաւ, որ տակաւին 2022 թուականի յունուարին ամէն ինչ պատրաստ պէտք է ըլլար։
«2022 թուականի յունուարին այդ հայեցակարգը պատրաստ էր, սակայն, նոյն տարուան ձմրան տեղի ունեցան իրադարձութիւններ, որոնք ակնյայտ դարձուցին, թէ այդ հայեցակարգով չենք կրնար յառաջ երթալ։ Եւ հիմա մենք պէտք է ո՛չ միայն ունենանք հայեցակարգ, այլ պէտք է հասկնանք նաեւ, թէ այդ հայեցակարգի իրագործումը որքա՛ն իրատես է՝ ներառեալ ռազմաթեքնիք ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը։ Մենք պէտք է հասկնանք, թէ որո՞ւ հետ իրատեսօրէն կրնանք ունենալ ռազմաթեքնիք եւ պաշտպանական բնոյթի յարաբերութիւններ։ Այդ խնդիրը նախապէս դիւրին էր, որովհետեւ այդ հարցը չէր եղած եւ հայեցակարգ ստեղծելու մէջ ալ բարդութիւն չէ եղած։ Նախապէս մեր պաշտպանական ոլորտի յարաբերութիւններու 95-97 տոկոսը Ռուսաստանի Դաշնակցութեան հետ էր։ Հիմա այդպէս չի կրնար ըլլալ թէ՛ առարկայական եւ թէ ենթակայական պատճառներով։ Հիմա պէտք է հասկնանք այդ հայեցակարգին մէջ ի՛նչ յարաբերութիւններ կ՚ունենանք. օրինակ՝ Հնդկաստանի հետ», յայտնեց Փաշինեան։
Ի շարունակութիւն նոյն հարցին, Փաշինեան դիտել տուաւ, թէ կարեւոր է պատասխանել հետեւեալ հարցումին. Հայաստան անվտանգային ի՞նչ յարաբերութիւններ պիտի ունենայ Իրանի, Վրաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ, պիտի ունենա՞յ, թէ պիտի չունենայ։ Ռուսաստանի հետ անվտանգային յարաբերութիւնները պիտի փոխուի՞ն, թէ պիտի չփոխուին։ Ինչպէ՞ս պիտի փոխուին, Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի անդամ պիտի մնա՞յ, թէ պիտի չմնայ։ Ֆրանսայի հետ ի՞նչ յարաբերութիւններ կը կառուցուին։ Այս բոլորի լոյսին տակ վարչապետը շարունակեց.
«Այստեղ խնդիրը հետեւեալն է։ Այդ հայեցակարգը՝ որպէս յայտարարութիւն, արդէն հռչակուած է։ Եւ մենք պէտք է ձեւակերպենք այնպիսի հայեցակարգ մը, որու իրագործման շուրջ առնուազն ունինք պայմանաւորուածութիւններ։ Ու ես կը կարծեմ, թէ մենք այս տարուան ընթացքին այդ հայեցակարգը պէտք է աւարտենք։ Եւ այստեղ հասկացական մօտեցում կայ։ Սա տեսակա՞ն փաստաթուղթ է, որ պէտք է ընդունինք ու անոր իրագործման ձեւերը հասկնանք, թէ ոչ ինքը, այնուամենայնիւ, 50-50՝ թէ՛ տեսական եւ թէ գործնական է։ Անոր տեսութիւնը կայ եւ գործադրութեան պայմանաւորուածութիւնները որոշ փաստաթուղթերով, պայմանագրերով արդէն ամրացուած են»։
Վարչապետը դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը ըսած է եւ կ՚երթայ դէպի արհեստավարժ բանակ։ Ծրագիրը կը համարուի հոյակապ բարեփոխում մը, բայց նաեւ կարեւորութիւն ունի, որ այդ հայեցակարգը ունենայ քաղաքական սահմանում մը։
Փաշինեան համոզուած է, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը չի հասցէագրեր առկայ խնդիրները։ Հետեւաբար, երկիրը կարիքն ունի նոր ռազմավարութեան մը, որով պէտք է արտայայտուին պետութեան օրինական տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներն ու շահերը պաշտպանելու տրամաբանութիւնը։
Հարցազրոյցի ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ վերջին օրերու օրակարգի ամենաաղմկարար խնդիրներէն մէկուն. «Անկախութեան հռչակագրին հետ մեր յարաբերութիւնները իրօք պէտք է կարգաւորենք»։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստանի պետական քաղաքականութիւնը եթէ առաջնորդուի եւ ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերամիաւորման որոշման հիման վրայ, ապա երկիրը երբեք խաղաղութիւն չի կրնար ունենալ։ Ան այս դիտարկումը ըրաւ երկրի հաւանական նոր սահմանադրութեան համատեսքին մէջ։
«Հռչակագիրը ի՞նչ է։ Մենք հռչակած ենք, թէ մենք ինչո՞ւ համար պետութիւն կը ստեղծենք։ Հռչակագիրը այն մասին է, որ մենք կը սկսինք անկախ պետութիւն ունենալու գործընթաց։ Եւ երեք ուղենիշ դրած ենք։ Մէկը՝ պատմական արդարութիւնը, մէկը՝ հայ ժողովուրդի իղձերը եւ երրորդը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ազգային խորհուրդի եւ Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի վերամիաւորման որոշումը։ Մենք, օրինակ՝ միշտ կը նայինք Ատրպէյճանի տեսակէտէն, իսկ մենք ինչո՞ւ չենք նայիր՝ մեր ուրիշ հարեւանները ինչպէ՞ս կ՚ընկալեն։ Ինչպէ՞ս կ՚ընկալեն, որ մենք կ՚ըսենք՝ պետութիւն կը ստեղծենք, որպէսզի պատմական արդարութիւնը վերականգնենք։ Ի՞նչ կը նշանակէ պատմական արդարութիւնը վերականգնել։ Հայաստանի մէջ կը մտածեն, թէ Ատրպէյճան ինչպէ՛ս կ՚ընկալէ, Թուրքիան ինչպէ՛ս կ՚ընկալէ։ Իսկ ինչո՞ւ հարց չի տրուիր, թէ Վրաստանը ինչպէ՞ս կ՚ընկալէ։ Ինչո՞ւ մենք մեզի հարց չենք տար՝ Վրաստանը պաշտպանական ոլորտի մէջ ինչո՞ւ խոր յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ եւ չունի Հայաստանի հետ։ Սա կրնա՞յ կապ ունենալ այն պատգամներուն հետ, որոնք մենք յղած ենք, զորս մենք դրած ենք մեր պետութեան հիմքին մէջ։ Մենք այսօր հռչակագրի հետ մեր յարաբերութիւնները իրօք պէտք է կարգաւորենք», շարունակեց վարչապետը։
Հարցազրոյցի տեւողութեան ան բացատրեց, որ Անկախութեան հռչակագրի այժմու շեշտադրումները պահպանել կամ չպահպանելը քաղաքական ընտրութեան հարց է։ Եթէ այդ շեշտադրումները պահպանուին, ապա Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ սա պիտի նշանակէ, որ Հայաստան երբեք խաղաղութիւն պիտի չունենայ։ «Աւելին՝ սա կը նշանակէ, որ մենք հիմա կ՚ունենանք պատերազմ», աւելցուց Փաշինեան։
Նիկոլ Փաշինեան բացատրեց, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը ներկայիս լաւ զարգացում կ՚արձանագրէ ու բոլորը ակնյայտօրէն կը տեսնեն, որ բանակի վերափոխման համար շատ լուրջ միջոցներ կը ներդրուին։ «Այսինքն, մենք կը հռչակենք, կ՚ըսենք, որ հիմա բանակը կ՚ուժեղացնենք եւ երթանք իրագործենք մեր հռչակագրի դրոյթները։ Եթէ մենք այսպէս կ՚ըսենք, սա ի՞նչ կը նշանակէ։ Սա կը նշանակէ, որ մեր հարեւանները դաշինք պիտի ձեւաւորեն մեզի ոչնչացնելու համար, որովհետեւ մենք հռչակած ենք, որ առնուազն մենք իրենց հետ նիւթ ունինք։ Իմ այս խօսոյթի զարգացումն ու ընկալումը ժողովուրդի շրջանակին մէջ Հայաստանը պիտի ուժեղացնէ՞, թէ պիտի թուլացնէ։ Միանշանակ, Հայաստանը պիտի ուժեղանայ, որովհետեւ եթէ մենք յենուինք այս խօսոյթին վրայ ու սա ընտրենք՝ որպէս երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն, ապա զէնք ձեռք բերելու ժամանակ ալ խնդիր չենք ունենար կամ քիչ խնդիր կ՚ունենանք կամ մենք զէնք ներմուծելու ալ քիչ խնդիր կ՚ունենանք, որովհետեւ բոլորը կ՚ընկալեն, որ այդ զէնքը մենք չենք բերեր իրեն համար», ընդգծեց վարչապետը։
Հարցազրոյցի ընթացքին վարչապետը ընդգծեց, որ մարդիկ անընդհատ ամէն ինչին կը նային Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տրամաբանութեամբ։ Տպաւորութիւնը այն է, որ այս աշխարհին վրայ միայն Հայաստանը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կան։ «Այն ինչ, որ ես կ՚ըսեմ, մեր պետութիւնը այս առաջարկուած խօսոյթը իրագործելու պարագային պիտի ուժեղանա՞յ, թէ պիտի տկարանայ։ Միանշանակ պիտի ուժեղանայ։ Իսկ, կը ներէք, Ատրպէյճան կ՚ուզէ՞, որ մեր պետութիւնը ուժեղանայ», աւելցուց Փաշինեան։