ԷՐՔԱՆԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ ՔԱՐԱՀԱՆ

Մինչ կառավարութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ երկրի ելմտատնտեսական հաւասարակշռութիւնները կայունացնելու՝ մասնաւորապէս սղաճի եւ տարադրամի փոխարժէքի յաւելումը զսպելու ուղղութեամբ, երէկ Կեդրոնական դրամատան ղեկավարի պաշտօնին մէջ փոփոխութիւն կատարուեցաւ։ Հաֆիզէ Կայէ Էրքան հրաժարեցաւ Կեդրոնական դրամատան նախագահի պաշտօնէն եւ իր փոխարէն նշանակուեցաւ Ֆաթիհ Քարահան։

Էրքան յայտարարեց, որ իր անձին դէմ հեղինակազրկման արշաւ մը կազմակերպուած է եւ իր ընտանիքը այդ արշաւի ազդեցութիւններէն զերծ պահելու համար Հանրապետութեան նախագահէն խնդրած է՝ զինքը ազատ արձակել պաշտօնէն։ Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէքն ալ յայտնեց, որ Էրքանի որոշումը անձնական հանգամանքներով պայմանաւորուած է։

Այս բոլորէն վերջ, երէկ գիշեր պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած որոշումով՝ Կեդրոնական դրամատան նախագահ նշանակուեցաւ Ֆաթիհ Քարահան, որ ուսում ստացած է Պողազիչի համալսարանին մէջ։ Նորանշանակ տնօրէնը Քոլումպիայի եւ Նիւ Եորքի համալսարաններուն մէջ ալ եղած է դասախօս, իսկ միջոց մը եղած է «Ամազոն»ի աւագ տնտեսագէտը։ Ֆաթիհ Քարահան անցեալ տարի Կեդրոնական դրամատան փոխ-նախագահ նշանակուած էր։

Այս բոլորի լոյսին տակ թէ՛ Մեհմէտ Շիմշէք եւ թէ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ յայտնեցին, որ այժմու տնտեսական ծրագիրը պիտի շարունակուի անխափան ու վճռակամութեամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2024