ՍԵՐԿԷՅ ՍՄԲԱՏԵԱՆ՝ ՊԵՐԼԻՆԻ ՍԵՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՐ ԽՄԲԱՎԱՐԸ
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան նշանակուեցաւ Պերլինի սեմֆոնիք նուագախումբի գլխաւոր հիւր վարիչը։ Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած է այս նշանակումը։ Հարկ է նշել, որ մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեան միեւնոյն ժամանակ Մալթայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր վարիչն է։
Մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ Պերլինի սեմֆոնիք նուագախումբը այսօր հանդէս կու գայ առաջին անգամ։ «InClassica» միջազգային երաժշտական փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած ձեռնարկով տեղի կ՚ունենայ Սերկէյ Սմբատեանի Պերլինի պաշտօնամուտը։
Սերկէյ Սմբատեան հայկական երաժշտութեան արդի վառ ու հեղինակաւոր ներկայացուցիչներու շարքին է եւ իր յաջողութիւնները կատարելագործելու զուգահեռ՝ միջազգային գետնի վրայ ալ վերելք կ՚արձանագրէ։